ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը՝ Հայաստանի մանուկներ հիմնարկին հետ, 10 Յունիսին սկսած է անգլերէնի ուսուցման նոր նախաձեռնութեան մը, որուն շնորհիւ անգլերէն սորվելու մեծ կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին Հայաստանի հեռաւոր բնակավայրերու երիտասարդներուն համար:
«Նոր արհեստագիտութեան միջոցով անգլերէնի տարածում հեռաւոր շրջաններուն մէջ» ծրագիրին նախաձեռնած եւ զայն ֆինանսաւորած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իսկ Հայաստանի մանուկներ հիմնարկը զայն կը գործադրէ: Ծրագիրը նպատակ ունի օգնել Հայաստանի հեռաւոր շրջաններուն մէջ անգլերէն սորվողներուն, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ չունին լեզուն սովորելու անհրաժեշտ միջոցներ կամ ունեցած միջոցները շատ սահմանափակ են։
Ծրագիրը նախատեսուած է աւագ դպրոցը աւարտած մարզային համայնքներուն մէջ բնակող երիտասարդներուն համար, եւ կը գործադրուի համացանցի միջոցով, ընտրուած տեղւոյն գրադարաններուն ու դպրոցներուն մէջ:
Դասընթացքը 17-35 տարեկան այն երիտասարդներուն համար է, որոնք ընդհանուր առմամբ եթէ համալսարան չեն երթար կամ մասնաւոր դասերու չեն հետեւիր, կը զրկուին անգլերէն սորվելու առիթէն։ Լեզուական ուսուցումը պիտի մատուցուի երկու ուղղութեամբ՝ խօսակցական եւ գրաւոր անգլերէն: Պիտի տրուի շաբաթական երկու առցանց դաս եւ մէկ լսարանային դասապահ՝ խօսակցական անգլերէնի: Նախնական հանգրուանին ներառուած են շուրջ 150 մասնակիցներ Արմաւիրէն, Գաւառէն, Եղէգնաձորէն եւ Գորիսէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.