
ԵՐԵՒԱՆ.– «ՀՅԴն քառեակի 12 կէտից բաղկացած յայտարարութեան տեքստն արդէն ուղարկել է Հայաստանի նախագահին ու վարչապետին եւ ակնկալում է յստակ քայլեր», յայտարարած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Մենք արդէն արել ենք մեր առաջարկները եւ ակնկալիքներն աւելի քան լուրջ են: Ես առաջարկում եմ լուրջ վերաբերուել այն առաջարկներին, որոնք մենք ամրագրել ենք յայտարարութեան մէջ, որովհետեւ սա կարող է ընդդիմադիր դաշտի եւ իշխանութեան միջեւ համագործակցութեան նոր սկիզբ լինել», հաստատած է ան:
Ռուստամեան նշած է, որ իրենք պատրաստ են իշխանութիւններուն հետ քննարկելու 12 կէտերը, որոնք ամրագրուած են քառեակի յայտարարութեան մէջ: «Եթէ կան տարակարծութիւններ՝ մենք պատրաստ ենք նաեւ բանավէճի, պատրաստ ենք բանավիճել եւ ընդհանուր եզրեր գտնել: Եթէ ականջալուր լինելը կառավարութեան հիմնական սկզբունքներից մէկն է, ապա այն պէտք է ականջալուր լինի այս առաջարկներին: Ես վստահ եմ, որ առաջարկներն իրատեսական են, եւ համատեղ ուժերով մենք կարող ենք դրանք կեանքի կոչել», վստահեցուցած է Ռուստամեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարին համաձայն՝ իրենք ըրած են ամէն ինչ, որպէսզի պարզ դառնայ, որ իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը եւ հասարակութիւնը կը գտնուին մէկ նաւու մէջ եւ չեն ուզեր առնել այնպիսի քայլեր, որոնք պիտի առաջնորդեն այդ նաւուն խորտակման:
Անոր համաձայն՝ այս քայլով խորհրդարանական ուժերու համագործակցութեան նոր մշակոյթ կը ձեւաւորուի: «Մենք առաջին անգամ աւելի մեծ օրակարգով ներկայացնում ենք մեր մօտեցումներն ստեղծուած իրավիճակի հետ կապուած: Այս յայտարարութեան մէջ մենք ներկայացրել ենք իրական ու իրատեսական քայլեր, որոնք հնարաւոր են իրականացնել», հաստատած է Ռուստամեան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է համագործակցութիւնը՝ քառեակին ու նոր կառավարութեան միջեւ՝ Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ քառեակը չի կրնար եթերային յոյսեր փայփայել, իրական յոյսերու ապացոյցը 12 պահանջներու իրականացումը պիտի ըլլայ: Ըստ անոր՝ հին կառավարութիւնը չէր լսեր ու չէր ընկալեր ընդդիմութեան պահանջները: «Հիմա ասում են՝ ականջալուր է, իսկ մենք հրապարակաւ յայտնում ենք, թէ ինչին պէտք է ականջալուր լինել: Կը լինե՞ն ականջալուր, շատ լաւ», նշած է Արմէն Ռուստամեան:
Լրագրողները քառեակի ներկայացուցիչներուն հարցուցած են, որ ի՞նչ պիտի ըլլայ իրենց յաջորդ քայլը, եթէ կառավարութիւնը չիրականացնէ քառեակի համաձայնագիրի 12 կէտերը։ Անոնք հաստատած են, որ պահանջները չկատարելու պարագային քառեակը պիտի քննարկէ յառաջիկայ քայլերը:
«Ի հարկէ, եթէ անընդհատ խնդիրներ ես բարձրացնում, ու դրանք չեն լուծւում, միակ հարցը մնում է իշխանութիւնների փոփոխման հարցը: Բայց, դրա հետ կապուած, կան տարբեր մօտեցումներ, օրինակ՝ մենք կարծում ենք, որ պարզապէս Սերժ Սարգսեանի հեռացումը երկրին չի փրկի, եթէ չգիտենք, թէ դրանից յետոյ ինչ համակարգ ենք ունենալու: Ահա, թէ ինչու պէտք է ստեղծել այնպիսի համակարգ, որը անձերի փոփոխութեան պայմաններում աւելի վատ վիճակի չի յանգեցնի», ըսած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը:
ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան դիտել տուած է, որ իրենց համար թապու հարցեր չկան, եւ այս հանգրուանին նպատակայարմար կը գտնեն այդ 12 պահանջներու առաջադրումը կառավարութեան: Նայիրա Զոհրաբեանի համաձայն՝ Տիգրան Սարգսեանի կառավարութիւնը վեց տարի աւերած է երկիրը՝ զայն ընկերային-տնտեսական աղէտի հասցնելով, եւ վարչապետի հրաժարականը պէտք էր աւելի կանուխ պահանջել: «Կ՛ապրենք, կը տեսնենք: Նոր կառավարութիւնը կ՛անի՞ նուազագոյն քայլերը, լաւ, եթէ՝ ոչ, քառեակի որեւէ ուժ որեւէ կերպ կաշկանդուած չէ», նշած է ան։ Անոր համաձայն՝ յայտարարութեան մէջ նշուած պահանջներու իրականացումը էականօրէն պիտի բարելաւէ հայաստանցի քաղաքացիին վիճակը: «Այսօր քաղաքական կամք դրսեւորելու պարագայում հնարաւոր կը լինի հասնել այս խնդիրների լուծմանը», յայտնած է Ն. Զոհրաբեան:
ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան յայտնած է, որ Կոնգրեսին համար կարեւոր է Սահմանադրութիւնը եւ ազատ ու արդար ընտրութիւններու կայացումը, այդ պարագային՝ անձերը կ՛ընտրեն ժողովուրդը: Անոր համաձայն՝ այս քայլը դժուարին աշխատանքի արդիւնք է, որ արդէն յաջողած է: «Քառեակը տարբեր պատկերացումներ՝ թէ գաղափարախօսական, թէ քաղաքական, թէ մեթոդական, ունեցող միաւորում է, որտեղ ուժերի մի մասը կողմ է յեղափոխական փոփոխութիւնների, միւս մասն աւելի շրջահայեաց է ու քայլ առ քայլ փոփոխութիւնների կողմնակից», ըսած է ան։
Ռուբէն Յակոբեան նշած է, որ թիւր կարծիք կայ, թէ ընդդիմութիւնը կը պայքարի հին կառավարութեան դէմ, սակայն նոր ձեւաւորուած կառավարութեան պէտք է ժամկէտ տալ: «Ես արդէն առիթ ունեցել եմ այս խորհրդարանում գելի գլխին աւետարան կարդալու: Այս կառավարութիւնից Կոնգրեսը սպասելիքներ չունի»։