ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 5 Յունիսին հայ-ատրպէյճանական զօրքերու սահմանագիծին արեւմտեան սահմանին վրայ թշնամիին կրակոցէն զոհուած է Հայաստանի զինուած ուժերու Արարատի մէջ տեղակայուած զօրամասի պարտադիր զինուորական ծառայող Բորիս Բենիկի Գասպարեանը:
6 Յունիսին զոհուած զինուորին հոգեհանգիստի արարողութեան մասնակցած է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան։
Բորիս Բենիկի Գասպարեան իր ընտանիքին միակ զաւակն էր, անոր հայրը մահացած է տարի մը առաջ։ Արարատի գիւղապետ Կարէն Ղազարեան «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմած է, որ հանդարտ բնաւորութեամբ, իր ընտանիքին աշխատանքին նուիրուած տղայ էր Բորիս, որ սիրուած ու յարգուած էր բոլորին կողմէ։
«Մէկ տարի առաջ ես եմ երաշխաւորագիր տուել, որ Բորիսը ներկայացուի զօրամաս եւ ընդունուի պայմանագրային ծառայութեան: Ինչ ասեմ, խեղճ ժողովուրդ, մայրն առանց այն էլ վշտից վատառողջ էր, հիմա՝ առաւել եւս», նշած է գիւղապետը:
Իսկ Երասխ գիւղի գիւղացիները, որոնց մօտիկ շրջանին մէջ զոհուած է Բորիսը, պատմած են, որ սպաներէն մէկը, որ հակառակորդի արձակազէնի կրակոցին պատճառով զինուորի մը մահուան լուրը առած էր, փութացած է Բորիսի մօտ եւ ըսաւ. «Զգոյշ մնայ, հակառակորդը կրակում է, արի իմ խրամատ, այստեղ ամենաապահով տեղն է»։ Ճիշդ այդ պահուն հակառակորդի արձակազէնի փամփուշտը մտած է Բորիսի գլուխը, նոյնիսկ սաղաւարտը չէ պաշտպանած զինք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.