Տեղւոյն հայկական վարժարանին մէջ նախնական ուսումը ստանալէ ետք, ան կանուխ տարիքէն կը նետուի կեանքի ասպարէզ, հօրը կողքին՝ հոգալու համար իրենց ընտանիքին ապրուստը։
Սարգիսին հայրը ըլլալով Դաշնակցական, Գահուէճեան ընտանիքէն ներս կը տիրէր հայրենասիրութեան մթնոլորտ, որուն որպէս հետեւանք, բնականաբար, Սարգիս եւ իր եղբայրները իրենք զիրենք պիտի գտնէին Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ։ Եւ ահա, հազիւ 18 տարիքը աւարտած, Սարգիս երդում կու տայ ծառայելու ազգին եւ կը դառնայ հաւատաւոր Դաշնակցական, եւ ինչպէս կեանքի հանգրուանները ցոյց պիտի տային յետագային, Սարգիս յանձնառու պիտի մնար իր ուխտին եւ պողպատեայ կամքով պիտի դիմադրէր բոլոր տեսակի փորձութիւններուն ու դժուարութիւններուն։
1955ին, Սարգիս կը հանդիպի Սիմա Թիւթիւնճեանին եւ, գտած ըլլալով իր կեանքի ընկերը՝ կ՛ամուսնանայ անոր հետ, կազմելով հայկական ու ազգային արժէքներով լի իր օճախը։ Նորապսակ զոյգը կը բախտաւորուի 5 զաւակներով՝ Անին, Էլիզապէթը, Զոհրապը, Լիզան եւ Տիրանը, որոնց իւրաքանչիւրին ճիչը նորանոր ուրախութիւն կը բերէ Սարգիսին ու Սիմային։
Հակառակ իր ընտանեկան համերաշխ ու սիրով լեցուն կեանքին, կը հասնին 1960ի մռայլ օրերը, եւ եղբայրասպան կռիւներուն որպէս հետեւանք, Սարգիս ու իր եղբայրները բանտ կը դրուին։
Սարգիսին համար դժուար էր իր ընտանիքէն զրկուիլը, սակայն կուսակցութեան եւ ազգին սէրը ազնուագոյնը դասելով իր զգացումներուն, ան քար լռութեամբ ու Յոբի համբերութեամբ կը տանի իր ծանր օրերը, մինչեւ այն օրը, երբ ան ազատ արձակուելով դարձեալ կը միանայ իր սիրելիներուն։
Ընտանիքին միանալէ ետք, Սարգիսի միակ մտահոգութիւնը կ՛ըլլայ հոգալ իր զաւակներուն ապրուստը, հետամուտ ըլլալ անոնց կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան, միաժամանակ չմոռնալով անոնց հոգիներուն մէջ սերմանելու ազգասիրութիւնը՝ Դաշնակցութեան ճամբով։
1975ին, Լիբանանի քաղաքացիական կռիւները եկան անգամ մը եւս ամպոտելու լիբանանահայութեան երկնակամարը, եւ Սարգիս ու իր ընտանիքը անմասն պիտի չմնային ստեղծուած իրավիճակէն, որուն որպէս հետեւանք, Լիբանանէն չհեռանալու իր սկզբունքին հակառակ եւ յետ երկարատեւ սպասումի, 1987ին Սարգիս կը հաստատուի Լոս Անճելըս, իր զաւկին՝ Զօհրապին մօտ։
Ժամանակի թաւալումին հետ միասին Սարգիսին զաւակները կ՛ամուսնանան, իրենց կարգին կազմելով հայկական արժէքներով եւ սիրով լեցուն ընտանիքներ եւ Սարգիսին կը նուիրեն 8 սիրասուն թոռնիկներ, որոնք իրենց ժպիտով ու խաղերով կը դառնան Սարգիսի կեանքին ջերմութիւն տուող արեւը։
Հակառակ որ ծննդավայրին եւ բարեկամներուն կարօտը իր ամէնօրեայ ապրումներուն մաս կը կազմէր, Լոս Անճելըսի մէջ Սարգիսի կեանքը կ՛ընթանայ հեզասահ գետի մը նման եւ տարիքի յառաջացումին հետ միասին ան կը դառնայ իր զաւակներուն հոգատարութեան առանցքը եւ հոգեկան բերկրանքով ականատես կ՛ըլլայ ազգային կեանքէն ներս անոնց ունեցած գործունէութեան, ճիշդ իրենց հօրը հետքերով։
Սակայն ինչպէս որ ամէն ճամբորդութիւն ունի իր վախճանը, Սարգիսի ալ անցողական այս աշխարհի ճամբորդութիւնը, յառաջացած տարիքի բերումով, վերջ կը գտնէ, երբ ան իր աչքերը առյաւէտ կը փակէր, խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, մանաւանդ իր սիրելի կինը՝ Սիման, որուն հետ ամբողջ 59 տարիներ ապրած էր փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի մթնոլորտի մը մէջ։
Սարգիս ապրեցաւ վաստակաշատ կեանք մը, ան եղաւ հոգածու հայր, տիպար ամուսին եւ միշտ հաւատարիմ մնաց իր ազգային պարտականութիւններուն մէջ, մասնաւորաբար իր այնքան սիրած կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Սարգիս կը պատկանի ընկերներու այն համեստ փաղանքին, որոնք լուսարձակէ հեռու եւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ գործեցին առանց փառքը փնտռելու եւ հաւատացին միայն գործին։ Հակառակ իր լռակեաց գործունէութեան, իր կտրիճութեան ու անվեհերութեան պատճառաւ, Սարգիս դարձաւ մերօրեայ «Չաւուշը», ինչպէս ընկերները կը սիրէին զինք կոչել։
Կարելի չէ Սարգիսի բոլոր բարեմասնութիւնները մի առ մի թուել, սակայն իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան ան աշխատեցաւ, հաւատաց արդար աշխատանքին եւ դարձաւ պարտաճանաչութեան տիպար եւ, ամենակարեւորը, սիրեց իր ընտանիքը, հարազատները եւ ընկերները։
Ընկեր Սարգիսը մեզմէ կը բաժնուի իր ետին ձգելով տիպար հայու եւ տիպար Դաշնակցականի իր կեանքն ու գործը լիովին կատարած մարդու մը անմոռանալի յիշատակը, իր շունչն ու ոգին իր զաւակներուն ու յաջորդող սերունդներուն փոխանցողի մը յիշատակը։
Թէեւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած, Սարգիս մեր մտապատկերին մէջ պիտի շարունակէ մնալ որպէս տիպար անձ, ան պիտի շարունակէ ապրիլ մեր հոգիներուն մէջ եւ յիշատակը միշտ թարմ պիտի մնայ բոլոր զինք սիրողներուն, ըլլան անոնք հարազատներ, ազգականներ, բարեկամներ կամ ընկերներ։
Աստուած Սարգիսի հոգին արժանացնէ երկնային արքայութեան եւ մեզ բոլորիս տայ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.