ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃեԱՆ
Հէրիին շնորհաւորելու ոճն ու ընթացքը կը տարբերէր իւրաքանչիւր տարի: Եթէ կար բացիկը, բայց նաեւ՝ հեռատիպն ու հեռաձայնը: Իսկ նախորդ տարուան իր կողմէ ինծի եղած վերջին շնորհաւորութիւնները, չեմ գիտէր ինչ տրամաբանութեամբ եւ մտածելակերպով զիս կը դնէին կեանքի մէկ իրական պատկերին դէմ յանդիման… «Ալօ, Հրա՛յր, ճի՞շդ է, որ կը մեծնաս…»:
Մեծնալը ոչ միայն տարիքով է, այլ իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ մէկը միւսին ետեւէն գլորուող իրականութիւններու շարանով, որուն կազմութեան ընթացքին տարիներուն թիւերը կը բարձրանան՝ առանց ետդարձի կարելիութեան:
Մեր Ճէպէճեան–Գունտաքճեան գերդաստանին մէջ կայ «տոհմապետ»ի դրութիւնը, եւ իւրաքանչիւր զարմիկ ունէր իր դիրքին տիրանալու եւ հասնելու առիթը: Հէրի Գունտաքճեան, որ մեր ընտանիքի երէց սերունդին վերջին ներկայացուցիչն էր, նստաւ այդ «տոհմապետ»ի աթոռին վրայ վերջին աւելի քան տասը տարիներուն: «Երէց» սերունդին պատկանելու իրականութիւնը իրեն կու տար նաեւ հոգեկան գոհացում եւ ուրախութիւն, եւ միշտ չէր մոռնար իրեն յատուկ սրամտութեամբ եւ կատակով մեզի յիշեցնելու. «Խօսքս մտիկ պէտք է ընէք, ես եմ տոհմապետը»:
Հէրին իր կեանքին մէջ շատ գեղեցիկ կերպով կրցաւ կամրջել հայկական ու լիբանանեան (նաեւ արաբական) արժէքները, որոնք իր բովանդակ կեանքին համար եղան գիտակցութիւն: Ան այս գիտակցութիւնը դրաւ իր մասնագիտական եւ ասպարէզային կեանքին մէջ եւ դարձաւ անոր-անոնց ջատագովը: Ան «վազեց» իր ոսպնեակին հետ՝ հոս ու հոն, թէ՛ հայկական ու արաբական եւ թէ միջազգային աշխարհներ: Եւ ան «վազեց» ձիու մը ուժով ու արագութեամբ, այնքան, որ անոր տրուեցաւ «The horse» (ձին) մակդիրը: Ան միջազգային դիրքի ու համբաւի հասաւ համաշխարհային լրատուական–տեղեկատուական ցանցին մէջ՝ գրաւելով մեծ վարկ իր մատուցած անսակարկ ու արհեստավարժ ծառայութեան համար, բայց նաեւ հասաւ հայկական մամուլին, լիբանանեանին ու արաբականին՝ միշտ տալով շատ աւելին: Հերի նկարեց իւրաքանչիւր դրուագ, անհատ, բայց անպայմանօրէն՝ արժէք: Ան իր ոսպնեակին մէջ կրցաւ դնել միտք, բայց նաեւ՝ հոգի, եւ միտքին ու հոգիին ընդմէջէն «նկարեց» հայկական ու լիբանանեան–արաբական (նաեւ աւելին) ապրող իրավիճակները, որոնք դարձան հարազատ վկայութիւնը այս երկու իրականութիւններու ապրող եւ տրոփող սիրտերուն ու անոնց արդար պահանջատիրութեան:
Ամերիկան Հէրի Գունտաքճեանին համար եղաւ միայն նստավայր, իր սիրտը չկրցաւ դնել Նիւ Եորքի շէնշող եւ հմայք սփռող կեանքին մէջ: Պէյրութը մնաց իր սրտին նստավայրը, եւ չվարանեցաւ իր հարազատներուն ըսել. «Ես Պէյրութ պիտի թաղուիմ»:
Հէրիին համար ամէնէն մեծ հպարտութեան առիթը եղաւ նկարել հայկական Եռագոյն դրօշակին առաջին անգամ ծածանիլը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ՝ Նիւ Եորք՝ խոստովանելով, որ՝ «այս մէկը տարբեր է»: Հէրին իր նկարին մէջ ո՛չ միայն պարզեց Եռագոյնը, այլ նաեւ նոյն այդ դրօշին հպարտութիւնը: Հպարտութիւն մը, որուն հետ եւ որուն համար Հէրին շարունակեց ապրիլ մինչեւ իր յոգնած սիրտը դադրեցաւ «ձիու» մը նման «վազելէ»:
Կարելի չէր Նիւ Եորք այցելել առանց Հէրին տեսնելու: Բայց իմ վերջին այցելութիւնս՝ Մայիսին, եղաւ ձեւով մը անկատար, որովհետեւ Հէրին չկար, բայց նաեւ… որովհետեւ ան չհասաւ «Պէյրութ թաղուելու» իր փափաքին:
Հէրի Գունտաքճեանի անվերջ բաժանումով փակուեցաւ մեր գերդաստանին այսպէս ըսած «երէց սերունդին», այլ խօսքով՝ «վերջին մոհիկանին» պատմութիւնը: Պատմութիւն մը, որ լեցուն էր արժէքներու հասկացողութեամբ, բայց նաեւ նոյն այդ արժէքներուն համար վազող ու տրոփող սիրտով:
Այո՛ Հէրի, ճիշդ է, որ ես ալ կը մեծնամ, բայց կը մեծնամ ջանալով գիտակցիլ ու ապրիլ այն արժէքին համար, որ դուն միշտ «տարբեր» գտար: Դուն «Հայկական ոսպնեակիդ» մէջէն հանեցին «պատկերներ», որոնք մեզ մեծցուցին (ու տակաւին) նոյն այս «տարբեր»ին գիտակցութեամբ, բայց նաեւ՝ հպարտութեամբ:
Հէրի Գունտաքճեանի «Հայկական ոսպնեակը»՝ ապրող ու ապրեցնող հայկական պատկերներով լի:
Պատկերներ, որոնք տակաւին «կը վազեն» ու պէտք է շարունակեն «վազել»: