Կան փաստեր, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն վրայ սաստկացած յարձակումները կը խրախուսուին յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ:
Կը դիմենք ընդդիմադիր այդ ուժերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր, յատկապէս Արեւմտեան պետութիւններուն՝ անմիջապէս իրենց լծակները օգտագործելով դադրեցնելու հայաբնակ թաղամասերուն վրայ յարձակումները: Հակահայ յարձակումներուն եւ գործուած ոճրագործութեան մեղսակից կը համարուին հովանաւորող բոլոր այն պետութիւնները, որոնք առաջքը չեն առներ այդ արարքներուն:
Կոչ կ՛ուղղենք Սուրիոյ իշխանութիւններուն, անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու՝ յատկապէս քրիստոնեայ անզէն փոքրամասնութիւններու ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ համայն հայութեան՝ հնարաւոր բոլոր միջոցներով սատարելու հակահայ արարքներու դադրեցման ուղղուած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու նախաձեռնութիւններուն:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ