Հայու բազուկով եւ քրտինքով կառուցուած եւ մեծամասնութեամբ հայութեամբ բնակուած Նոր Գիւղի եւ հարեւան այլ շրջաններու մէջ ինկած հրթիռներուն պատճառած մարդկային, նիւթական եւ կալուածային վնասները սարսափելի են:
Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանը յայտարարուած է ԱՂԷՏԵԱԼ ԳՕՏԻ: Երբեմնի հայահոծ Նոր Գիւղը՝ իր դպրոցներով, եկեղեցիներով, ազգային կեդրոններով, ազգապատկան բնակարանային շէնքերով, խանութներով եւ կենսունակ բնակչութեամբ, ամայացած եւ աւերակ է հիմա: Իրավիճակը աւելի վատթարացած է Թուրքիոյ կողմէ Եփրատ գետի հոսքի կասեցումով, որ բոլորովին առանց ջուրի մնալու վտանգ ստեղծած է:
Այս խիստ ողբալի դրութեան մէջ գտնուող հալէպահայ մեր ժողովուրդի զաւակները կը զգան անտէր եւ առանձին:
Հայրենակիցնե՛ր, պատերազմի այս սարսափելի արհաւիրքը պէտք է վերջ գտնէ: Մինչ այդ, անհրաժեշտ է, որ համազգային պարտաւորութեամբ եւ կամքով շարունակենք ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ձեռք երկարել եւ մեր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը անյապաղ փոխանցել սուրիահայութեան՝
Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948 հասցէով,
Կամ՝ SARF-ի կայքէջին միջոցաւ՝ www.SyrainArmenianReliefFund.org:
***
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին՝ հետեւեալ անդամներով.
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.