
Կիրակի, 25 Մայիսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ՝ 1918 Մայիս 28ին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կերտման ի խնդիր իրենց արիւնը թափած նահատակներու հոգիներուն համար։ Գոհաբանական մաղթանքին ու հոգեհանգիստին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս։
Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ Մայիս 28ի առիթով գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ Դպրեվանքի ժառանգաւորներուն կողմէ։ Ապա յանուն միաբանութեան ուղերձ կարդաց Շնորհք Աբղ. Աշըգեանը։ Հայր սուրբը շեշտեց Մայիս 28ի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին մէջ եւ այս առիթով միաբանութեան անունով շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետի անուանակոչութիւնը, մաղթելով իրեն հարուստ իրագործումներով լեցուն երկար գահակալութիւն։
Հանդիսութեան փակման խօսք կատարեց վեհափառը։ Ան ըսաւ. «Մայիս 28ը սովորական թուական մը չէ, անիկա կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ազատութեան տենչը, իր անկախութիւնը պաշտպանելու հաւաքական կամքը, ազատօրէն ապրելու իր վճռակամութիւնը։ Այսպէս եղած է հայ ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին։ Ա՛յս ոգիով, հաւատքով ու կամքով ան կեցուածք է ճշդած իր պատմութեան բոլոր Բէլերուն ու Յազկերտներուն դէմ»։
Անդրադառնալով ներկայ Հայաստանին, հայրապետը ըսաւ. «Շնորհիւ մեր ժողովուրդի ամուր միասնականութեան ու վճռակամութեան, մենք վերահաստատեցինք մեր հայրենիքի անկախութիւնը։ Այսօր Հայաստանը իր անկախութիւնը առաւել ամրապնդելու ընթացքի մէջ է։ Ճիշդ է, Հայաստանէն ներս թերութիւններ կան, փտածութիւնը կը շարունակուի. արտագաղթը կանգ չէ առած. ժողովուրդին կենսամակարդակը տակաւին կը մնայ ոչ գոհացուցիչ։ Այս բացասական երեւոյթներուն դիմաց բնականաբար չենք կրնար անտաբեր մնալ։ Անհրաժեշտ է որ այս մտահոգիչ երեւոյթները վերանան մեր բոլորին հաւաքական աշխատանքով։ Հայրենիքի հզօրացումը իւրաքանչիւր հայու ու ամբոջ հայութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւնը պէտք է դառնայ, ու հայրենիքը կը հզօրանայ հայրենաշինութեան նուիրական գործին մեր բոլորի մասնակցութեամբ»։ Վեհափառը իր խօսքը եզրակացուց՝ ըսելով. «Մայիս 28ը յուշարար մըն է մեր բոլորին՝ մեր հայրենիքի անկախութիւնը որպէս ազգային սրբութիւն պահելու ու պահպանելու»։