Մայիս 25ին սայաթնովեան «Վարդատօն»ը մեկնարկեց Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ՝ կիրակնօրեայ Ս. պատարագով: Սայաթնովեան «Վարդատօն»ին մասնակցելու նպատակով տարբեր շրջաններէ եւ երկիրներէ ժամանած հիւրերը եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները յաւարտ Ս. պատարագի խոնարհեցան Թիֆլիսի Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ հանգչող ազգի արժանաւոր զաւակներու շիրիմներուն առջեւ:
Բազմահազարանոց հասարակութիւնը Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր կը հանգչի Սայաթ Նովան, կը սպասէր «Վարդատօն»ին: Մէկ դար առաջ Յովհաննէս Թումանեանի, Գէորգ Բաշինճաղեանի եւ Եոսեպ Գրիշաշվիլիի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած Սայաթ Նովայի «Վարդատօն»ը կը շարունակէ մնալ արդիական:
Տօնահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Հայաստանի գրողներու միութեան, Վրաստանի գրողներու միութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի պատուիրակութիւնները:
100 տարի շարունակուող աւանդոյթին համաձայն՝ «Վարդատօն-2014»ը սկսաւ աշուղի յուշարձանին կարմիր վարդեր զետեղելով:
Յոբելենական հանդիսութիւնը կազմակերպած էր Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնը, աջակցութեամբ Պ. Ադամեանի անուան թատրոնի, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, ՀՀ մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններու, Թիֆլիսի քաղաքապետարանի եւ բարձր հովանաւորութեամբ «Հայարտուն»ի հոգաբարձուներու խորհուրդի:
Տօնահանդէսի մասնակիցներուն իր օրհնութիւնը յղեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան:
Երգ ու պարով եւ ասմունքով «Վարդատօն-2014»ը հանդիսացաւ ժողովրդական մեծ տօն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.