ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աւետարանին մէջ ալ, Յիսուսի մեզի փոխանցած առակներէն մէկը վերոյիշեալ պատկերը կը ներկայացնէ: Վախճանաբանական իմաստով ներկայացուած այդ առակին մէջ կը կարդանք, թէ երբ տանուտէրը կ՛ուշանայ գալու, պատասխատու ծառան բիրտ վարմունք կը ցուցաբերէ իր ծառայակիցներուն նկատմամբ ու կը սկսի ծեծելու զանոնք:
Ուրեմն ծառան, ընկերաբանական հասկացողութեամբ խոնարհ ու պարզ խաւին պատկանող այդ անձը, հակառակ իր շուրջ գծուած օրինական սահմաններուն, կրնայ նաեւ իր տիրոջ գործին միջամուխ ըլլալ ապօրինի միջոցներով: Թերեւս համաձայն ըլլայինք անոր կատարած որոշ շահագործումներուն, սակայն երբ իր տիրոջ դերակատարութիւնը կը վերցնէ ան, արդէն անոր տեղ իր անձը կը տեսնէ: Ծառայի մը համար սա այնպիսի ամբարտաւանութիւն է, որուն պատիժը պէտք է շատ աւելի ծանր ըլլայ, քան սովորական շահագործում մը, զոր ոեւէ ծառայ կը փորձուի կատարել իր պաշտօնավարութեան միջոցին:
Կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ շատ երկար ծառայութիւն մատուցողներն են, որոնք յաճախ այս փորձութեան կ՛ենթարկուին: Անոնց այնպէս կը թուայ, թէ տիրոջ մօտ երկար ժամանակով ըլլալը, իրենց կեանքին մէջ հանգամանքի փոփոխութիւն կը յառաջացնէ: Այսինքն երկար տարիներով ծառայելը կը համեմատեն բանակի նման պաշտօնի աստիճանական բարձրացման հետ: Ընկերաբանական հին դրութիւններու ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անցեալին գոյութիւն ունէր այն ըմբռնումը, ըստ որուն՝ մարդ ծնունդով այս կամ այն խաւին կրնար պատկանիլ: Այսինքն ազնուական կամ սովորական քաղաքացի: Արքայական տոհմի մարդ չէր կրնար դառնալ մէկը հետագային, այլ այդպէս կը ծնէր: Յատկապէս կրօնական հին հաւատալիքները արքայական իշխանութեան կ՛առնչէին նաեւ աստուածային զօրութիւնը: Մէկ խօսքով, արքայական ծնունդով մէկը նաեւ աստուածային ծագում կ՛ունենար, կարենալ ամբողջութեամբ իշխելու համար հպատակ ժողովուրդին:
Ազգերու պատմութեան ու հին հաւատալիքներու էջերէն դուրս գալով, երբ մերօրեայ ժամանակներուն բացուինք, տիրոջ ու ծառայի սահմանագծումներուն մէջ դարձեալ շփոթի կը հանդիպինք: Մարդկային տկարութիւններուն մաս կը կազմէ թերեւս, այս կեանքին մէջ իր տեղը չգիտնալու, իր անձը շատ աւելի բարձր տեսնելու, իր համեստ կարողութիւնները ուրիշներու ունեցած առաւելութիւններուն հետ համեմատելու, եւ նոյնիսկ երեւակայականօրէն իր անձը աւելի կարող անձի մը տեղը դնելու անհաւասարակշիռ երեւոյթները:
Կեանքի մէջ միշտ տկարը աւելի շուտ քննադատուելու եւ հարուածուելու ենթակայ է: Այս պարագային ծառան միշտ պիտի մեղադրուի, ամէն գործի մէջ յանցաւոր նկատուի, ու ի վերջոյ՝ տուժէ: Սակայն, պէտք է նաեւ յանցանքին կէսը բարդել տիրոջ վրայ: Երբեմն տէրեր այնքան կը շփացնեն իրենց ծառաները, որ անոնց մարդկային փառասիրութիւնը շոյուած կ՛ըլլայ բարձրամակարդակ գգուանքով, եւ անոնք արդէն կը մոռնան իրենց ծառայական պաշտօնը ու կը սկսին «ծառայել»ու իբրեւ «տէր»եր:
Վերոյիշեալ երկու բառերը չակերտներու մէջ դրինք, ցոյց տալու համար, թէ նման կացութեան մէջ ո՛չ «ծառայ» բառը իր լիարժէք իմաստը կ՛ունենայ, ո՛չ ալ «տէր» բառը: Այլ՝ այդ երկուքին միացումէն ծնունդ կ՛առնէ անճոռնի մարմին մը, որուն մէջ ծառայութիւնը եւ տիրութիւնը իրարու խառնուած, շփոթուած ու շփոթեցնող կացութիւն մը կը ստեղծէ շրջապատին մէջ:
Տեսնուած է նաեւ, որ ծառան երբ ամէն արտօնութիւններ կը ստանայ ու տիրոջ կողմէ միայն գովասանքի կ՛արժանանայ, բաւարարուած հոգիով կը սկսի «ծեծելու» իր ծառայակիցները, ինչպէս Աւետարանին մէջ կ՛ըսուի: Այսինքն, ո՛չ միայն տիրոջ բացակայութեան, այլ նոյնիսկ անոր ներկայութեան ինք իրեն իրաւասութիւն կու տայ խօսելու տիրոջ անունով եւ նոյնիսկ սպառնալու կամ պատժելու տիրոջ անունով: Վարչական անկազմակերպուածութեան կամ թուլութեան եւ հաւաքական կեանքի քայքայման վերջակէտն է այս: Ասկէ ետք միայն «նոր տող» կարելի է սկսիլ: Այսինքն՝ այդ մասին խօսելիք ու ընելիք չի՛ մնար այլեւս, եւ կացութիւնը ինք անյոյս պարագայ կը դառնայ:
Ծառան երբ կորսնցնէ իր ծառայական կեանքին չափանիշը, կամ մէկդի դնէ իր ծառայական գոգնոցը ու հագնի տիրոջ շրջազգեստը, իր տիրոջ նման տիրութիւն ընելու փոխարէն բիրտ բռնատէր մը կը դառնայ: Որովհետեւ անիկա տէր ըլլալու համար չէ՛ ծնած, այլ՝ ծառայ: Աւետարանի առակին մէջ յիշուած տէրը այնքան ալ դաժան մէկը չէր հաւանաբար: Սակայն, երբ տէրը ուշացաւ գալ, ծառան դարձաւ բռնակալ մը ու սկսաւ դաժան վերաբերում ցուցաբերել իր պաշտօնակիցներուն:
Ինքնաճանաչումի դժուարագոյն քննութեան շատ քիչ թիւով «ուսանողներ» կը յաջողին: Գիտութիւնը կը փաստէ, թէ մարդկային ուղեղին մէկ անկիւնը պահուած կը մնայ ուրիշներու հետ չափուելու կամ կարողութիւնները իրմէ աւելի բարձր մարդոց կարողութեանց հետ բաղդատելու յարատեւ ձգտումը:
Ինքնաճանաչումը բարոյական մեծագոյն օրէնքին՝ համեստութեան դաստիարակն է, որուն ճամբով մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ մարդ: Սա տկարութիւն չէ՛, այլ՝ զօրութիւն: Նոյնիսկ հանգամանքով շատ աւելի բարձր մէկը կրնայ գիտուն մարդուն համեստութենէն օգտուելով, անոր խորհուրդին դիմել: Այդ մարդը կրնայ նաեւ ծառայ մը ըլլալ, որ սակայն ինքնաճանաչման ճամբով գիտէ՛ իր ծառայ ըլլալը, ու բնաւ չի՛ յանդգնիր իր սովորական զգեստէն հրաժարիլ, հագնելու համար տիրոջ բեհեզը: Ուրեմն, ծառան եթէ իր «ծառայութիւն»ը միայն կատարէ, շատ աւելի՛ փնտռուած ու յարգուած ծառայ պիտի դառնայ, բայց ո՛չ թէ տէր: