ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Կիրեսուն (Շապին Գարահիսար) նահանգի բնութիւնն եւ պատմական արժէքները վայելելու համար հոն այցելող զբօսաշրջիկները կը դժգոհին, որ Կիրեսունի բերդին կից գտնուող եկեղեցին (Ս. Աստուածածին Հայոց եկեղեցի) չի վերակառուցուիր եւ չի բացուիր զբօսաշրջութեան նպատակներով։
Վերջերս վերակառուցման աշխատանքներ կը կատարուէին, սակայն եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը կիսատ մնացած է՝ նիւթական հարցերու պատճառով։ Եկեղեցւոյ դուռը փակ է եւ այցելուներ չեն կրնար տեսնել զայն։
Տեղացի ու արտասահմանցի զբօսաշրջիկներ այժմ աւելի յաճախ կ՛այցելեն շրջանը, իսկ տեղւոյն թանգարաններու տնօրէնութիւնը կը հաղորդէ, որ եկեղեցին բանալու ջանքեր կը թափուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.