Ան նշեց, որ այդ մտահոգութիւնները կը բխին այն իրողութենէն, որ երկրին մէջ կուտակուած են թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին բազում մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն շուտափոյթ ու համակարգուած լուծում՝ հիմնուած քանի մը սկզբունքներու վրայ:
Պատգամաւորը, որպէս սկզ-բունք, առանձնացուց ներքին համախմբուածութեան հարցը, առանց որուն որեւէ երկիր չի կրնար դուրս գալ ծանր վիճակէն:
Երկրորդ սկզբունքը հանդուժողականութիւնն է, իրար լսելը, ընկալելը եւ այդ հիման վրայ ծրագիրներ իրականացնելը, նաեւ այդ հանգրուանին անհրաժեշտ ներգրաւուածութիւնը, որ կը վերաբերի թէ՛ հանրութեան, թէ՛ այն ուժերուն, որոնք կը ձեւաւորեն հանրութեան քաղաքական կամքը: «Կառավարութեան ծրագրում պէտք է որ լինէին քաղաքական ընդդիմութեան դերակատարութեան վերաբերեալ՝ կառավարութեան տեսակէտը, մօտեցումը եւ կոնկրէտ ծրագրային առաջարկները: Կ՛ուզենայինք ծրագրում տեսնել կառավարութեան վճռականութիւնը ընդդիմութեան մասին օրէնքի ընդունման եւ գործադրման մասով, կ՛ուզենայինք տեսնել, որ կառավարութիւնն ու իշխանութիւնը պատրաստ են իշխանութեան գործողութիւնների նկատմամբ վերահսկութիւնը վերապահել նաեւ ընդդիմութեանը, որովհետեւ, առանց նման համատեղ աշխատանքի եւ փոխադարձ զսպումների, հնարաւոր չէ ապահովել ներքին համախմբուածութիւնը եւ առաջ գնալ, հակառակը՝ կ՛ամրապնդուի փոխադարձ անհանդուրժողականութիւնը եւ իրար ծրագրեր չընդունելը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Ան նշեց, որ ծրագիրին մէջ, ցաւ ի սիրտ, չկան փտածութեան դէմ գործակալութեան ստեղծման, ընդդիմութեան դերակատարութեան աւելի մեծ տեղ տալու վերաբերեալ դրոյթներ: Հայաստանի բարձրագոյն պաշտօնական ոեւէ անձ պէտք չէ ունենայ իր կարողութիւնները այս երկիրին մէջ վաստակելով, այլ երկիրներու մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւն՝ «վիլաների ու բիզնես կառոյցների տեսքով, խօսքը գնում է արժեթղթերի, բանկային աւանդների ու անշարժ գոյքի մասին», նշեց ան։
Պատգամաւորին համաձայն՝ հանրութիւնը կը դժգոհի, որովհետեւ հեռու է որոշումներու կայացումէն, եւ պատահական չէ, որ կուտակային օրէնքի, արագաչափերու, կարմիր գիծերու, փոխադրութեան սակի բարձրացման դէմ պայքարի ծիրին մէջ քաղաքացիները յարձակողական կը դառնան, որովհետեւ անոնք ներգրաւուած չեն որոշումներու կայացման մէջ: «Մենք ակնկալում էինք, որ կառավարութիւնը կ՛առաջարկի կոնկրէտ քայլեր, որ թուարկածս խնդիրների մասով կասեցումներ տեղի ունենան, չի կարող տրանսպորտի գինը բարձրանալ, եթէ երկրում չի ձեւաւորուել միասնական տրանսպորտային համակարգ: Մենք առաջարկում էինք նաեւ, որ այն բոլոր բարեփոխումները, որ կառավարութիւնը պէտք է նախաձեռնէր, ձեւաւորուէր մշտադիտարկում իրականացնող թիմ՝ հանրութեան մէջ հեղինակութիւն վայելող անձանցից կազմուած՝ առանց բաժանելու իշխանութեան եւ ընդդիմութեան, «մենք»ի ու «դուք»ի», յայտնած է պատգամաւորը:
Ան նշեց, որ կառավարութեան ծրագիրին մէջ չկայ նաեւ աշխատատեղերու ստեղծման ուղղութեամբ ճանապարհային քարտէզ, որուն մասին առաջարկ ներկայացուցած է Դաշնակցութիւնը՝ համաձայն չըլլալով հնչած այն տեսակէտին, թէ կառավարութիւնը պատասխանատու չէ աշխատատեղերու ստեղծման: Մինասեան հարցուց, որ այդ պարագային ո՞վ պատասխանատու է աշխատատեղերու ստեղծման, եթէ ոչ՝ կառավարութիւնը: «Պետութիւնը, կառավարութիւնը նրա համար են, որ ապահովեն քաղաքացու արժանապատիւ աշխատատեղ ստեղծելու համար անհրաժեշտ միջավայրը, դրա ստեղծման գործիքներն էլ ենք առաջարկել:
Ծրագրում կան լոկ ցանկութիւններ, բայց դրանց հետ միասին կան դրոյթներ, որոնք արդէն մերժուել են հանրութեան կողմից, դա պարտադիր կուտակային համակարգն է», ըսաւ պատգամաւորը՝ աւելցնելով, որ կուտակայինի մասին պիտի կրկնեն այնքան ատեն որ դեռ հանրութեան պահանջը չէ կատարուած լիարժէքօրէն, եւ պիտի պայքարին մինչեւ վերջ, քանի որ ատիկա հակասահմանադրական է եւ հակաիրաւական:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.