ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ամերիկահայ ճատրակի գերվարպետներ Վարուժան Յակոբեան եւ Տաթեւ Աբրահամեան Սէյնթ Լուիսի մէջ Երեքշաբթի, Մայիս 20ի երեկոյեան աւարտած Միացեալ Նահանգներու ճատրակի ախոյեանութեան մրցաշարքին ընթացքին նուաճեցին արծաթէ մետալներ:
Վարուժան Յակոբեան, որ մրցաշարքի աւարտին առաջին տեղի վրայ գտնուած էր Միացեալ Նահանգներու նախորդ երկու տարիներու ախոյեան Կաթա Քամսքիի եւ Ալեքս Լենտըրմանի հետ, պարտադրուեցաւ այդ գերվարպետներուն դէմ դարձեալ մրցելու՝ որոշելու համար ախոյեանը: Ան կրցաւ պարտութեան մատնել Լենտըրմանը, սակայն առաջին խաղը հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք՝ պարտուեցաւ Քամսքիէն, որ ախոյեան հռչակուեցաւ յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով:
Կանանց մրցաշարքի աւարտին եւս հաւասարութիւն արձանագրուած է, այս անգամ՝ գերվարպետներ Տաթեւ Աբրահամեանի ու Իրինա Քրուշի միջեւ, որոնք պարտադրուեցան դարձեալ իրարու դէմ մրցելու, եւ իբրեւ արդիւնք՝ անցեալ տարուան ախոյեան Քրուշ կրցաւ 1.5-0.5 արդիւնքով յաղթանակ մը ապահովել եւ վերատիրանալ ախոյեանի տիտղոսին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.