
ՎԻԼՄԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Արշաւիր Շիրակեան» հայ կեդրոնին մէջ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած «Երիտասարդաց Հաւաք» (Youth Rally) ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ հետեւեալ խօսքով.
– Սուգը յաւերժ է, երբ պայքար չկայ…
Յիշատակի այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Ապրիլ 22ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Թիթիզեան» սրահին մէջ, աւելի քան 225 հայորդիներու ներկայութեան:
Դրօշակի արարողութենէն ետք պատանիներու երգչախումբը զոյգ քայլերգները երգեց, ապա իր բացման խօսքին մէջ Շանթ Գարակէօզեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը հովանաւորող ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան Հանրային կապի յանձնախումբին, նորակազմ ՀԵԴ երէց ուխտին, ՀԵԴ «Հրայր Մարուխեան» մասնաճիւղի պատանիներուն, Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՕՄի «Լոռի» մասնաճիւղին: Ան նաեւ ներկաներուն ուղղեց հարիւրամեակի կոչը՝ ըսելով. «Պէտք է յիշենք, յիշեցնենք ու պահանջենք»:
ՀՕՄուհի Ծովիկ Նաշալեան երգեց Կոմիտասի «Կռունկ»ը, իսկ «Ուշացանք» խումբի անդամները ներկայացուցին «Թռչէի Մտքով Տուն»ը եւ «Ահա Կ՛երթամ Սիրելի Մայր»ը:
Յայտագիրի ամէնէն ուշագրաւ ու հետաքրքրական բաժիններէն մէկն էր կեդրոնի երիտասարդութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը եւ ներդրումը՝ «Սողոմոն Թեհլիրեանի Դատավարութիւնը» թատերական ներկայացումին: Տասնհինգ երիտասարդներ, մարմնաւորելով Սողոմոն Թեհլիրեանը, փաստաբանները, դատաւորը, վկաներն ու հայութիւնը՝ սքանչելի ջերմութեամբ խաղացին իրենց դերերը՝ ներկաներուն փոխանցելով հոգեկան առաւելագոյն գոհունակութիւն:
Փայլա Գէորգեան երգեց «Կարմիր Կակաչները» եւ «Radioactive» երգերը՝ Ալեքս Պէրպէրեանի կիթառի ընկերակցութեամբ, իսկ պատանիները երգեցին «Զինուորի Մօր Երգը» եւ ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք»ը:
Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արա Գազանճեան բարձր գնահատեց երիտասարդութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը ազգային եւ համայնքային կեանքին, ինչպէս նաեւ՝ անոնց նուիրումն ու հասկացողութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակի պատմական իրադարձութիւններուն:
Յայտագիրին վերջաւորութեան խորհրդաւոր մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, երբ առաջնորդութեամբ Ծովիկ Նաշալեանի, ներկաները միաբերան «Կիլիկիա» երգը երգեցին: