
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 25ին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի 7րդ եւ 8րդ դասարանի աշակերտները կամաւոր սպասարկութիւն մատուցեցին կարիքաւորներու ուտեստեղէն տրամադրող Սան Ֆրանսիսքոյի «Ֆուտ Պենք»ին, ի յիշատակ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն: Անոնց ընկերակցեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Կարինէ Փանոսեան: