
ՍԵՆՉԸՐԻ ՍԻԹԻ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 7ին տեղի ունեցած «Շօա» հիմնարկի 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին, աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկ եւ «Շօա» հիմնարկը մեծարած են Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած Եւնիկէ Աբօշեան-Սալիպեանը, որ Այնթապէն փախուստ տուած էր 1921ին, 7 տարեկան հասակին:
Նոյն ձեռնարկին ընթացքին մեծարուած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման:
Սալիպեան վերջերս հարցազրոյց մը տուած էր «Շօա» հիմնարկին, որ Հրէական Ողջակիզումէն վերապրողներու վկայութեան կողքին՝ արխիւներ ունի նաեւ այլ ցեղասպանութիւններէ վերապրածներու վկայութիւններու: Ձեռնարկին ընթացքին, Սալիպեան առիթն ունեցած է հանդիպելու նաեւ Քիմ Քարտաշեանին, Քոնըն Օ՛Պրայընին եւ շարք մը այլ աստղերու հետ: Քարտաշեան նաեւ դարձած է Սալիպեանի սեղանակիցը, իսկ Օ՛Պրայըն խնդրած է նկարուիլ Սալիպեանի հետ, որպէսզի լուսանկարը ղրկէ իր հայ օգնականին:
«Շօա» հիմնարկի գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առած սոյն ձեռնարկին ընթացքին մեծարուած են ցեղասպանութիւններէ շարք մը վերապրողներ, որոնցմէ մէկը եղած է Եւնիկէ Սալիպեանը: Հիմնարկի գործադիր վարիչ Սթեֆըն Սմիթ յատուկ նշում մը կատարած է՝ ըսելով, թէ Սալիպեան 100 տարեկան դարձած է այս տարի եւ վերապրող մըն է Հայկական Ցեղասպանութենէն:
(Քաղուած Թալին Պահատարեանի Թղթակցութենէն)