ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մոնթենեկրոն եւ Ալպանիան տեղեկացուցած են, որ Հայaաստանի քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի պահանջքը վերցուցած են: Այս մասին թուիթըրեան իր էջին վրայ արձանագրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան՝ տեղեկացնելով, որ Մոնթենեկրոյի որոշումը ուժի մէջ է մինչեւ այս տարուան 30 Նոյեմբեր։
Աշխարհի 56 երկիրի հետ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի առանց վիզայի մուտքի դրութիւն՝ երկկողմանի կամ բազմակողմանի համաձայնագիրներու հիման վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.