ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու սրբադասման գործընթացը իր վերջնական հանգրուանին հասած է: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Հայեցակարգային» գրասենեակի ղեկավար Բագրատ եպս. Գալստանեանը՝ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: «Սրբադասման գործընթացի համար ստեղծուած յանձնախումբը շատ խորութեամբ, մանրակրկիտ ու բազմակողմանի պատրաստութիւններ է տեսել այդ ուղղութեամբ: Հիմա հասել ենք վերջնական փուլին, երբ պատրաստւում են սրբապատկերները, առաջարկ է եղել շարականի կանոնի գրութեան, մասնատուփերի ստեղծման: Առաջիկայում միացեալ յանձնախմբով ժողով ունենք, եւ առաջիկայում այդ գործընթացն աւելի որոշակի կը դառնայ: Նպատակն է, որ 2015 թուականի Ապրիլի 24ին արդէն կարողանանք սրբերի հռչակումը կատարել ու մեր մեծ նահատակների համար ոչ թէ հոգեհանգիստ կատարենք, այլ դիմենք բարեխօսութեան», ըսած է ան:
Նշենք, որ 2006ին ստեղծուած է սրբադասման յանձնաժողով, որ աշխատանքներ կատարած եւ իր առաջարկները յատուկ թղթածրարով փոխանցած է վերջին Եպիսկոպոսաց ժողովին: Սեպտեմբեր 2013ին զոյգ կաթողիկոսներուն մասնակցութեամբ կայացած ժողովին ընթացքին քննարկուած են տարբեր հարցեր, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կատարուի սրբադասումը, անիկա պիտի կատարուի Ապրիլ 24ի՞ն, թէ այլ օր պիտի ճշդուի, խմբակայի՞ն սրբադասում, թէ անհատներու սրբադասում պիտի կատարուի:
Հայ եկեղեցւոյ մէջ սրբադասում չէ կատարուած 15րդ դարէն ետք: Վերջին սրբադասուած հայերը սուրբեր են՝ Յովհան Որոտնեցին եւ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.