ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի օգնական խմբագիր Սայմըն Թիզտալ կը գրէ, որ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը պնդեն, թէ Իրանն ու անոր սերտ դաշնակից Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, Սուրիոյ պատերազմին յաղթանակը ապահոված են արդէն, եւ սուրիական վարչակարգը տապալելու ընդդիմութեան փորձին աջակցող ամերիկեան ղեկավարութեան արշաւը ձախողած է:
Թեհրանի մէջ զրոյցներու շարքի մը ընթացքին, բարձրաստիճան դէմքեր, որոնք Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը ղեկավարեն, յայտնած են, թէ Սուրիոյ մէջ Արեւմուտքի ռազմավարութիւնը պարզապէս արմատական իսլամական խմբաւորումները քաջալերած է, քաոս ստեղծած եւ ի վերջոյ Արեւմուտքին վնաս պատճառած է, իսկ կառավարական ուժերը այժմ ամուր դիրքերու վրայ են:
Իրանի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի ատենապետ Ալլատին Պորուժերտի յայտնած է. «Քայիտա»ի առնչակից խմբակներուն եւ զինեալներուն կողմէ գործադրուած ահաբեկչութիւնը սուրիացի ժողովուրդին դիմագրաւած գլխաւոր սպառնալիքն է:
Կառավարութեան խորհրդատու Ամիր Մոհեպիա իր կարգին յայտնած է. «Ամերիկացիները ուզեցին Ասատը փոխել, սակայն անոնց այլընտրանքը ի՞նչ էր: Անոնք պարզապէս արմատական խմբաւորումները քաջալերեցին եւ սահմանները նուազ ապահով դարձուցին: Մենք կ՛ընդունինք, որ Սուրիոյ մէջ պէտք է տեղի ունենայ փոփոխութիւն, սակայն՝ աստիճանաբար, այլապէս՝ քաոս կը ստեղծուի»:
Թեհրանի համալսարանի դասախօս մը յայտնած է, որ ամերիկացիները Սուրիոյ մէջ մեծ սխալ մը գործած են, եւ՝ «կը կարծեմ, որ այդ մէկը գիտեն, թէեւ երբեք պիտի չընդունին»:
Հակառակ Դամասկոսի մէջ եւ «Հըզպալլա»ի մօտ իր ունեցած ազդեցութեան, Իրան Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու բանակցութիւններէն հեռու պահուած է՝ Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի այն առարկութեան պատճառով, որ Իրան Ասատի հեռացման պահանջը կը մերժէ:
«Կարտիըն» նաեւ կը գրէ, թէ ապստամբութեան մայրաքաղաքը կոչուած Հոմսէն ընդդիմադիր զինեալներու նահանջէն ետք, կարգ մը արեւմուտքցի քաղաքագէտներ հասան այն եզրակացութեան, որ Ասատ յաղթած կարելի է նկատել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.