Կիրակի, 11 Մայիսի երեկոյեան, Պոլսոյ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ նկարչական այն ցուցահանդէսը, որուն ամբողջ հասոյթը պիտի նուիրուէր Սուրիոյ աղէտեալներուն։
Սոյն ձեռնարկին մտայղացումը «Մարմարա»ի փոխխմբագրապետը՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը ունեցած էր եւ «Փարոս»ի խմբագիր, արուեստաբան Մայտա Սարիսի հետ գործակցաբար կեանքի կոչած էր։
«Մայտա Սարիս եւ «Փարոս»ի աշխատակիցները շատ ճաշակաւոր եւ ակնահաճոյ ձեւով, արհեստավարժ ձեռքերով կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը տպաւորիչ կատարելութեամբ, արուեստասէրներու ուշադրութեան յանձնած էին նկարիչներու գործերը, որոնք թիւով 53 հատ էին», կը գրէ «Մարմարա»։
Ցուցահանդէսին ներկայ գտ-նուեցան բազմաթիւ ազգայիններ եւ բոլոր այն նկարիչները, որոնք պաստառներ նուիրած էին այս նպատակին համար։ Ներկայ էր Շիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Սեւծովեան Տնտեսական խորհուրդի Հայաստանի ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան՝ իր կողակցին եւ դստեր հետ, քարթ-փոստալներու նշանաւոր հաւաքորդ Օրլանտօ Գալումենօ, թղթակիցներ, բազմաթիւ բարերարներ եւ բարեսէր անձեր։
Պաստառներուն վրայ նշանակուած էին իւրաքանչիւր նկարչի անունը եւ գործերուն որոշեալ գինը։
«Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Արամ սրբազան, իր կողքին ունենալով Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեանը։ Սրբազան հայրը նախ շնորհաւորեց բոլոր այն նկարիչները, որոնք բարեհաճած էին նուիրելու իրենց ստեղծագործութիւնները։ Ապա բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիա ապաստանած սուրիահայերու մասին։ Ան ըսաւ, որ ներկայիս Վագըֆլըգիւղի մէջ են 24 Սուրիահայեր, որոնք կը փափաքին Պէյրութ, կամ Լաթաքիա վերադառնալ իրենց հարազատներուն միանալու համար։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յօժար է անոնց փափաքին գոհացում տալու, եւ ատոր համար ալ Լիբանանի պետութեան պատասխանին կը սպասէ։ Ապա ան շեշտեց, որ Սուրիահայերուն ի նպաստ տրամադրուած բոլոր նուիրատուութիւնները պէտք է կատարուին պատրիարքարանի միջնորդութեամբ, ո՛չ թէ անձերու միջոցաւ։ Պատրիարքարանը միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ հաշիւ ներկայացնելու կատարուած յատկացումներուն համար», կը տեղեկացնէ «Մարմարա»։
Ըստ «Մարմարա»ի՝ շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին վաճառուած են 53 գործերէն 32ը։ Մնացեալ գործերը քանի մը օր եւս պիտի մնան պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, սպասելով նոր գնորդներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.