ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- 1974ին տեղի ունեցած հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման հարցով Թուրքիայէն 123 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում պահանջող Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի Երկուշաբթի, Մայիս 12ի վճիռը քննադատած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Անգարա նպատակ չունի պահանջուած գումարը վճարելու, որովհետեւ վճիռը «անարդար» կը նկատէ: Ան աւելցուցած է, թէ Անգարա չի կրնար վնասուց հատուցում կատարել երկիրի մը, որուն օրինականութիւնը հարցականի տակ կը մնայ: Տաւութօղլու մէկ օր առաջ «անարժէք» որակած էր ատեանին որոշումը՝ ազդարարելով, թէ նման վճիռներ վնաս կը հասցնեն կղզիի տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով շարունակուող բանակցութեանց:
Նշենք, որ Կիպրոսի իշխանութիւնները Թուրքիայէն վնասուց հատուցում պահանջող դատը աւելի քան 20 տարի առաջ ներկայացուցած էին Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.