ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Իցհաք Հերցոք անցեալ շաբթուան ընթացքին Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցած է սուրիական ընդդիմութենէն ղեկավարներու հետ, «որոնց հետ տարիներէ ի վեր կապի մէջ էր»: Վերջիններս անոր ներկայացուցած են սուրիական ընդդիմադիր զինեալներուն՝ Հոմսէն հեռացումէն ետք քաղաքին մէջ տիրող դժուար կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Սուրիոյ իրավիճակը: Անոնք Հոմսի վրայ Սուրիոյ բանակի վերահսկողութեան հաստատումը Իրանի ձեռքբերումը նկատած են:
Հերցոք իր կարգին յայտնած է. «Պէտք չէ լուր մնալ ի տես Սուրիոյ մէջ Իրան-«Հըզպալլա» առանցքի քայլերուն: Այդ առանցքը կը գործէ այնպէս մը, որ կարծես իր երկրին մէջ ըլլայ, եւ կը սպաննէ հազարաւոր քաղաքայիններ՝ ամբողջ Միջին Արեւելքի կայունութիւնը քայքայելով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.