ՊՈԼԻՍ.- Վերջերս «Մարմարա»ի խմբագրատունը այցելած է Պոլսոյ մէջ գործող «Թուրք քրիստոնեայ միութեան եկեղեցական լոպի» կոչուած մարմինի պատուելին՝ Ռենտի Ճիհան Պեքթաշը, ինքզինք ծանօթացնելու ու իրենց հիմնած քրիստոնեայ եւ թրքախօս եկեղեցիին մասին բացատրութիւններ տալու։
«Խոստովանինք, որ այսպիսի եկեղեցիի մը գոյութենէն տեղեակ չէինք։ Եկեղեցին, որ բողոքական եկեղեցի է, հիմնուած է 2009ին։ Շիշհանէ թաղամասին մէջ ունին իրենց եկեղեցին, ուր ամէն Կիրակի արարողութիւն կը կատարուի, եւ ըստ պատուելիին՝ մօտաւորապէս 2000 հաւատացեալներ կը հետեւին արարողութեան։ Պատուելին յայտնեց, որ մշակութային աշխատանք կը տանին եւ իրենց պարտականութիւններէն մէկը կը նկատեն Անատոլուի զանազան տարածքներու վրայ առկայ աւերակ եկեղեցիները փրկել: Պատուելին Ամերիկայի մէջ աստուածաբանութիւն ուսանելէ ետք հովիւ նշանակուած է եւ յաջողած է կառավարութենէն ստանալ եկեղեցին հիմնելու արտօնութիւն։ Ան կ՛ըսէ, թէ կառավարութիւնը ոչ միայն դժուարութիւն չի յարուցաներ, այլ նաեւ ամէն դիւրութիւն ցոյց կու տայ։ Թուրք քրիստոնեաներու միութեան եկեղեցին, իբրեւ իր համայնքի գերեզմանատուն կը գործածէ Սիլիվրի գտնուող գերեզմանատուն մը, որ ատենօք հայերուն կը պատկանէր։ Պատուելի Պեքթաշ յայտնեց, որ կը փափաքի համագործակցութիւն հաստատել բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն հետ», կը գրէ «Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.