ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարած է, որ թէ՛ ժողովուրդը, թէ՛ լրատուամիջոցները գիտեն, որ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին համար իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուն յաղթանակ պիտի ապհովէ՝ ո՛վ ալ ըլլայ ան:
«Մենք հարիւր առ հարիւր վստահ ենք, որ մեր թեկնածուն պիտի ըլլայ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը: Վարչապետի պաշտօնին վրայ 12 տարուան յաջող աշխատանքէն ետք, ան արժանի է երկրի նախագահ դառնալու», յայտարարած է Պիւլենթ:
Արընչ յայտնած է նաեւ, որ նոյնիսկ ընդդիմութեան ընտրազանգուածը այս անգամ պիտի քուէարկէ իշխող կուսակցութեան թեկնածուին ի նպաստ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.