Ինչպէս անհատական, նոյնպէս եւ հաւաքական կամ ազգային մեր կեանքին մէջ, ընդհանրապէս դէմ յանդիման կը կանգնինք անախորժ անակնկալներու կամ լուրջ ձախողութիւններու, երբ ատենին ու երկար ժամանակի վրայ տարրական եւ անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չենք ընծայեր մեր գործած կամ թոյլատրած սխալներուն մանրամասնութեանց։
Շատ փայլուն ասպարէզներ կամ ընտանեկան ջերմ բոյներ քանդուած են անհատական կեանքի մէջ, երբ ենթակաները անտեսած կամ թերագնահատած են իրենց ապագան մեծ տագնապի մատնելու վնասակար մանրէները պարունակող մանր-մունր վրիպումներն ու սայթաքումները։
Նաեւ ու մանաւանդ ազգային-հաւաքական կեանքի մէջ ծանր գին կը վճարենք մեր կատարած սխալ ընտրանքներուն, յատկապէս՝ մանր կամ անկարեւոր կարծուած մեր վրէպներուն եւ սայթաքումներուն հաշւոյն։
Այդ առումով ժողովրդային առածը լիովին իրաւացի է, երբ իմաստութեամբ սերունդէ սերունդ կը սորվեցնէ, որ ամէն մարդ կը վճարէ իր սխալներուն գինը։
Մետալը ունի նաեւ իր միւս երեսը, որ կը վերաբերի յաջողութեան առաջնորդող փոքր քայլերու մոռցուած կարեւորութեան, հաւասարապէս թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքի մէջ։
Մեծ քայլերու եւ ոստումներու հմայքը այնքան գրաւիչ ու կլանող է, որ յաճախ մոռացութեան կը տրուի կարեւորութիւնը նոյն այդ գլխաւոր յաջողութեանց ենթահողը պատրաստող փոքր քայլերուն եւ ձեռքբերումներուն։
Շուշիի ազատագրման յաղթական գրոհը եւ ռազմական յաջողութիւնը, օրինակ, անհնար պիտի ըլլար իրականացնել, առանց Մայիս 1992ը կանխած տարիներու ինքնապաշտպանական յանդուգն դիմադրութեան փոքր, այլեւ հերոսական քայլերուն եւ յաջողութիւններուն։
Պատահական չէ օրուան մտածումին այս կեդրոնացումը հայ կեանքի յաջող փոքր քայլերուն, նաեւ՝ մանր-մունր սխալներուն մոռցուած կարեւորութեան վրայ։
Ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի հայ քաղաքական միտքը դէմ յանդիման կանգնած է ազգային-քաղաքական այնպիսի զարգացումներու, որոնց հակակշիռը բացայայտօրէն կը գտնուի մեծապետական ուժերուն ձեռքը։
Ուղղակիօրէն Հայաստանին եւ Հայ Դատին առնչուած ըլլան այդ զարգացումները, թէ անուղղակիօրէն իրենց անդրադարձը ունենան աշխարհասփիւռ հայկական ներուժին լիարժէք արդիւնաւորումը ապահովելու մեր ճիգերուն վրայ, յայտնապէս հայ քաղաքական միտքը համեմատաբար հակազդող է, դէպքերը դիմագրաւելու հեւքին մէջ է լաւագոյն պարագային, որովհետեւ օրակարգ պարտադրող նախաձեռնութեանց ուժը կը պատկանի զօրաւորներուն։
Այդպէ՛ս եղած է բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր միջավայրերուն մէջ։
Նոյն այդ օրինաչափութեամբ ալ, մեր օրինակով փոքր ածուները, եթէ չեն կրցած իրենց նախընտրած օրակարգը պարտադրել, առնուազն փորձած են, մեծերու հաստատած օրակարգի կէտերուն վերաբերեալ, սեղանի վրայ բերել նաեւ իրենց իրաւունքներն ու շահերը հաշուի առնելու պայմաններն ու լուծումները։
Խրիմեան Հայրիկ փաստօրէն այդ հրամայականը կը շեշտէր, երբ Պերլինի վեհաժողովէն վերադարձին մեծ քաղաքականութեան Հարիսայի կաթսային երկաթէ շերեփով ներկայանալու պատգամը կը փոխանցէր իրաւատէր հայ ժողովուրդին։
Եթէ օրակարգը վճռորոշելու ուժը չունինք, գոնէ անոր լուծումը հունաւորելու ուղղութեամբ լարենք մեր ներուժն ու հնարաւորութիւնները։
Իսկ ի՞նչ կ՛ընենք իրողապէս։
Օրինակ. Քեսապի հայաթափման առաջքը առնելու դժուարութիւն ունինք, որովհետեւ մեր ուժերէն վեր է ռազմական դասաւորումները շրջելը։ Բայց ոչ ոք կրնայ ստիպել մեզի, որ Թուրքիոյ վրայէն թեթեւցնենք Քեսապի հայաթափումը հրահրած ըլլալու պատասխանատուութեան բեռն ու ճնշումը։ Բայց յանկարծ «մեծ քաղաքականութեան» իմաստուն բանբերները դառնալու հովեր առած՝ պատասխանատու բեմերէ կը սկսինք ճամարտակելու, թէ քաղաքականապէս կրակի հետ խաղալու կը նմանի Քեսապի ողբերգութիւնը հակահայ սադրանք հռչակելը…
Բարձր քաղաքականութեան մեծ հարցերը առայժմ մէկ կողմ ձգենք եւ խօսինք աւելի առօրէական եւ մանր-մունր սխալներու մասին, որոնց կուտակումով օր մը պիտի ստիպուինք շատ ծանր գին վճարելու։
Ինչի՞ մասին է խօսքը։
Օրինա՞կ։
Ահա՛ նորագոյն նմոյշը. Երեւանի մէջ մտադիր են կանգնեցնելու Անաստաս Միկոյեանի յուշակոթողը։
Հայաստանի վերանկախացումէն 23 տարի ետք, հայոց պետական տան ղեկին կանգնած մարդիկ կրնան այնքան արհամարհանք ունենալ սեփական պատմութեան եւ ազգային յիշողութեան հանդէպ, որ անկախ Հայաստանի ազատ Հանրապետութեան կործանման պատասխանատուներէն մէկուն յապաղած կարգով ազգային հերոսի պատուանդան շնորհել…
Ուրի՞շ օրինակ։
Արդէն կը գտնուինք Մեծ Եղեռնի 100ամեակի համահայկական ոգեկոչման մեծ նախաձեռնութիւններու անմիջական սեմին։
Թրքական պետութիւնը ամենայն հանգստութեամբ պատրաստած է միջազգային բեմահարթակը՝ 1915ի մեծ ողբերգութիւնը դատապարտելու եւ հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու իբր թէ «մեծ զիջում»ը հրապարակ նետելով։
Իսկ հայ պետական մտածողութիւնը ոչ միայն պաշտօնապէս իրաւատէր չի կանգնիր թրքական պետութենէն քաղաքական արդար հատուցման հայկական պահանջին, այլեւ կը շարունակէ բարի վարուց վկայագիր աղերսել մեծապետական աշխարհէն՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց բնականոնացման սատարելու իր պատրաստակամութիւնը վերանորոգելով…
Նաեւ պետական մեր տունը կարգի բերելու ճակատին վրայ, գօտիները սեղմելու եւ զօրաւոր դիրքերէ աշխարհին ներկայանալու փոխարէն, ներ-քաղաքական ճակատը կը մխրճենք ճահճացման աւազուտքին մէջ, երբ Սերժ Սարգսեանի նախագահական պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանին մեր երկրի կառավարման ղեկը կը յանձնենք Յովիկ Աբրահամեանին, իսկ անոր թափուր ձգած խորհրդարանի նախագահութիւնը կը փոխանցենք Գալուստ Սահակեանին։
Թերեւս Հանրապետական կուսակցութիւնը երիտասարդ արժանաւոր դէմքեր չունի, որպէսզի կառավարութեան եւ խորհրդարանին ղեկավարումը անոնց վստահի։
Բայց Հայաստանի պետական կառավարման քաղաքական մշակոյթը այնպիսին է, որ մարդիկ Սերժ Սարգսեանը գիտեն եւ իրմէ կը սպասեն քաղաքական պահուն պատշաճող, այլ ոչ թէ «իշխանական հաւատարմութիւններ» վարձատրելու կոչուած սնանկ քայլեր…
Հայաստանի նախագահական ընտրութեանց մեծ տագնապին բաղդատած նման սխալներն ու սայթաքումները կրնան երկրորդական թուիլ, բայց իրենց կարեւորութենէն ոչինչ կը կորսնցնեն, որովհետեւ անոնց հաշւոյն ծանր գին պիտի վճարուի ուշ կամ կանուխ։
Անշուշտ մետալի միւս երեսին նկատելի են յաջողութեան փոքր քայլերը, որոնք ենթահողը կը պատրաստեն մեծ ոստումներու։
Մեծ Եղեռնի 99ամեակի պահանջատիրական ելոյթները ամէնուր ցոյց տուին աշխարհասփիւռ հայութեան վերանորոգ ուժականութիւնը։
Գաղութէ գաղութ փոքր քայլեր նետուեցան, որոնք գալիքի յանդուգն քայլերու երաշխիքը կը հանդիսանան։
Ունի՞նք 100ամեակի ոստումին պատկերացումը կամ պատրա՞ստ ենք պատմական տարողութեամբ հորիզոն բանալու 100ամեակի յանդգնութեան։
Պատասխանը շուտով կ՛ունենանք։
Մինչ այդ, կարեւորութեամբ աշխատինք Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու զօրաշարժին վրայ, որուն յառաջապահները Մ. Նահանգներու տարածքին, նահանգ առ նահանգ, հայանպաստ որոշումի բանաձեւերով, քարոզչական գրոհի նոր հուն մը կը բանան Հայ Դատի պահանջատիրութեան առջեւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.