
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեանց վերաբերող հարցերը: Հանդիպումէն ետք, Ապատի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է շրջանային եւ միջազգային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ապատի վերահաստատեց Թեհրանի զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս այս հանգրուանին:
Իր կարգին, Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ անիշխանութեան մատնուելու հաւանականութիւնը իսկական է եւ լուրջ: