ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպելէն ետք, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան անջատ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ, ճաշի սեղանի շուրջ:
Տաւութօղլու յայտնած է, որ հանդիպումը կայացած է բարեկամական մթնոլորտի մէջ եւ նշած, թէ Աթէշեան հայկական համայնքի գոհունակութիւնը յայտնած է Էրտողանի յղած ուղերձին կապակցութեամբ: «Յոյս ունինք, որ մեր երկարած բարեկամութեան ձեռքը անպատասխան չի մնար», ըսած է նախարարը:
Իր կարգին, Արամ սրբազան նախարարին շնորհակալութիւն յայտնած է Քեսապէն Թուրքիա ապաստանած հայերուն նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութեան ու օգնութեան համար։
Հայկական պատուիրակութեան մաս կազմած են նաեւ Պետրոս Շիրինօղլու, Տիգրան Կիւլմեզկիլ եւ Շիրվան քհնյ. հայրը։ Նշեք, որ Էրտողանի հետ հանդիպումը մօտաւորապէս 1.5 ժամ տեւած էր եւ անոր ներկայ գտնուած էին նաեւ Տաւութօղլուն, փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչը եւ վարչապետարանի փոխխորհրդատու Իպրահիմ Գալընը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Խրիմեան Հայրիկ քու հոգւոյդ «ղուրպան»……………………………