
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 2014ի Տիպար ՀՄԸՄական ընտրուած է երկարամեայ ՀՄԸՄական Համլետ Չրախճեանը:
Տասնամեակներով նուիրեալ սպասարկութիւն մատուցած եղբայրը Տիպար ՀՄԸՄական ընտրելու որոշումը դժուար չէ եղած: «Համլետ Չրախճեան փայլուն օրինակ մըն է մեր համայնքի լաւագոյն տարրերը արտադրելու ՀՄԸՄի երկարամեայ աւանդութեան», կը յայտնէ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան:
«Մեծապէս պատուըւած կը զգամ Տիպար ՀՄԸՄական ընտրուելու պատիւին համար եւ խոնարհաբար կ՛ընդունիմ զայն, յատկապէս՝ նկատի ունենալով, որ կը մեծարուիմ այնպիսի կազմակերպութեան մը կողմէ, որ կենսական դերակատարութիւն ունի համայնքի երիտասարդութիւնը դաստիարակելու գործին մէջ: ՀՄԸՄը կազմակերպութիւն մըն է, զոր սիրած ու յարգած եմ տասնամեակներէ ի վեր», կը յայտնէ մեծարեալը:
«Բարեբախտութիւնը ունեցած եմ աշխատելու Համլետ Չրախճեանին հետ, ՀՄԸՄի զանազան յանձնախումբերու մէջ: Ան իսկապէս արժանի է այս տիտղոսին», կը յայտնէ Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Դաւիթեան:
Համլետ Չրախճեան, իբրեւ ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղի անդամ եւ անոր վարչութեան ատենապետ՝ օրինակելի սպասարկութիւն մատուցած է: Ան նաեւ սպասարկութիւններ մատուցած է իբրեւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերուն մասին տեղեկութեանց համար, այցելել www.navasartiangames.com կայքը: