ՀՈԼԻՎՈՒՏ, ԷՆՍԻՆՕ.- Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներուն համար Աւագ շաբթուան Հինգշաբթի օրը՝ իր բազմախորհուրդ արարողութիւններով, ամէնէն սրտառուչն է, երբ կը յիշենք Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանները։
Ապրիլ 17ին, Աւագ Հինգշաբթի առաւօտեան, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման եւ Վերջին Ընթրիքի յիշատակութեան Ս. պատարագը մատուցուեցաւ։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան աղօթակից եղաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հետ։
Յետմիջօրէին, Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարուեցաւ Վերջին Ընթրիքին Յիսուսի կողմէ իր աշակերտներուն ոտքերու լուացման օրինակով։ Սրբազանը Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Այս տարուան արարողութիւնը իւրայատուկ էր։ Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Տարեցներու Տարուան ի պատիւ կատարուեցաւ մեր ծխական շրջաններու նուիրեալ տարեցներուն ոտքերու լուացումը: Առաջնորդը լուաց ոտքերը 12 տարեցներու, որոնց մէջ կային Ազգ. վարչութեան նախկին անդամներ, երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ, բարերարներ եւ ծխականներ։ Ան ապա լուաց նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներու եւ մանուկներու ոտքերը։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը վեր առաւ Յիսուսի փոխանցած սիրոյ եւ խոնարհութեան մեծագոյն դասը՝ յիշեցնելով, որ մերօրեայ կեանքին եւ ծառայութեան մէջ որքա՛ն կարօտ ենք սիրոյ եւ խոնարհութեան ոգիով տոգորուելու։ Գնահատելով մեր տարեցները՝ սրբազանը յիշեցուց, թէ տիպար տարեցներու սիրոյ եւ խոնարհութեան օրինակը լաւագոյն գրաւականն է մեր նոր սերունդի առողջ առաջնորդութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.