
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ապրիլ 28էն սկսեալ, ատրպէյճանական բանակը զօրավարժութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներ կատարած է Հայաստանի հետ սահմանին մօտերը: Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ ռազմափորձերը սկսած են Մայիս 1ին եւ անոր կը մասնակցին 4000 զինուորներ, մեծ թիւով ռազմական սարքեր եւ աւելի քան 120 հրթիռային ու հակաօդային համակարգեր: