ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար քննադատած է Ատրպէյճանի իշխանութեան շարք մը քայլերը:
Հինգշաբթի, Մայիս 1ին, ատրպէյճանական «Քանթաքթ» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ կայացած «Ատրպէյճան. Հայեացք ապագային» խորհրդաժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ դեսպանը նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Ամերիկայի միջեւ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են եւ ուժեղ, բայց ամէն ինչ այդքան ալ անամպ չէ:
«Ուքրանիոյ իրադարձութիւնները այս յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը աւելի յստակ կը դարձնեն: Ատրպէյճան եւ Ամերիկա երկարատեւ աշխատանք տարած են, որպէսզի ամրապնդեն իրենց յարաբերութիւնները: Այսօր Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու անկախութեան մասին ո՞վ աւելի շատ կը խօսի, քան Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան: Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը նոյնպէս կը խօսի Ղարաբաղի հարցի լուծման կարեւորութեան մասին, որովհետեւ անիկա անկայունութիւն կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պէտք է կտրուկ քայլերու դիմեն, որպէսզի կարգաւորեն հակամարտութիւնը: Կարգաւորումը նաեւ անկարելի է առանց Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան: Մենք նոյնպէս կ՛աջակցինք վստահութեան ամրապնդման ու երկու ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան ուղղուած ջանքերուն, որոնք պիտի օգնեն երկու երկիրներու ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու: Մենք անհանգստացած ենք նախորդ շաբթուան ընթացքին ատրպէյճանցի յայտնի լրագրող Ռաուֆ Միրքատիրովի ձերբակալութեամբ, ինչպէս նաեւ իրաւապաշտպաններ Լէյլա Եունուսի եւ անոր ամուսնոյն՝ Արիֆ Եունուսի կալանաւորումով: Երեքն ալ երկխօսութիւն եւ վստահութեան միջոցառումներ հաստատելու աշխատանքին գործօն մասնակիցներ էին: Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն այս քայլերը հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն միջեւ որեւէ շփման փորձի վրայ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենան, իսկ մենք այս քայլերը սխալ կը նկատենք», եզրակացուցած է ամերիկացի դեսպանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.