
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Տղոց միութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Մայիս 15ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, եկեղեցւոյ «Եկաւեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ-ընթրիք մը, որուն ընթացքին «Ուիլեըմ Մորիս Ինտեվըր» հաստատութենէն Քիթ Սարգիսեան պիտի խօսի «Հոլիվուտ, երաժշտութիւն եւ մարզանք» նիւթին շուրջ:
«Ուիլեըմ Մորիս Ինտեվըր» հաստատութիւնը նշեալ մարզերու «աստղ»երը ներկայացնող Հոլիվուտի եւ աշխարհի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մէկը կը նկատուի, իսկ ընդհանրապէս երաժշտական մարզին վրայ կեդրոնացած Սարգիսեանի յաճախորդներէն են՝ Ճասթին Թիմպըրլէյք, Պրունօ Մարզ, «Տիւրեն Տիւրեն», Ալիսիա Քիզ, «Սիհաքզ»ի մարզիչ Փիթ Քերըլ, դերասան Հիու Լաուրի եւ ուրիշներ:
Մասնակցութեան սակը 17 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (626) 351-0216 կամ (626) 399-1914 թիւերուն: Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 2215 E. Colorado Blvd. Pasadena, CA, 91107: