
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, «100 տարի, 100 ճշմարտութիւն» ծրագիրը որոշած է Ապրիլ 24, 2014էն սկսեալ ու մինչեւ Ապրիլ 24, 2015, շաբաթը երկու անգամ տեղեկութիւններ հրապարակել Ցեղասպանութեան մասին, համացանցին վրայ եւ «Facebook», «Twitter», «Instagram» «Google+» ընկերային ցանցերուն միջոցաւ:
Լենա Ատիշեանի նախաձեռնած սոյն ծրագիրի համացանցային կայքին հասցէն է 100years100facts.com:
Հրապարակուելիք տեղեկութիւններ համադրողներէն՝ Նարեկ Սեֆերեան, կը յայտնէ, թէ Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութեանց կողքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին նաեւ հայոց պատմութենէն այլ կարեւոր իրադարձութիւններ, ինչպէս նաեւ հիմնական դէմքեր:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել 00years100facts@gmail.com հասցէին: