
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ իրաւաբանական միութիւնը նամակով մը դիմած է Պոսթընի «Սաֆոք» իրաւաբանական համալսարանի տնօրէնութեան՝ կոչ ընելով համալսարանին, որ վերատեսութեան ենթարկէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն չճանչցող հրեայ ղեկավար Էյպրեհեմ Ֆաքսմենին պատուոյ դոկտորի կոչում շնորհելու իր որոշումը: Սկզբունքով կոչումը պիտի շնորհուի Մայիս 17ին կայանալիք համալսարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան ընթացքին:
Հայ իրաւաբանական միութիւնը նամակին մէջ մատնանշած է, թէ Ֆաքսմեն ոչ միայն տարբեր առիթներով ուրացած է Ցեղասպանութիւնը, այլեւ աշխատանք տարած է ձախողութեան մատնելու Քոնկրեսին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերը: Հոն նաեւ յստակ օրինակներ կը տրուին Ֆաքսմենի ժխտողական քայլերուն մասին: