
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Արփա» հիմնարկի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Մայիս 8ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403) տեղի պիտի ունենայ «Հայկական պատմական փորձառութիւնը» նիւթին նուիրուած դասախօսութիւն մը: Նիւթը պիտի ներկայացնէ փրոֆ. Սեդա Տատոյեան, որուն միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ հայութեան դերակատարութեան նուիրուած եռահատոր աշխատասիրութիւնը լոյս տեսած է վերջին քանի մը տարիներուն: Դոկտ. Սեդա Տատոյեան 1986էն 2005 տարիներուն դասաւանդած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իսկ 1981-1986 տարիներուն՝ «Հայկազեան» համալսարանին: Ան հեղինակն է աւելի քան 50 ուսումնասիրական յօդուածներու եւ 8 հատորներու:
Մայիս 8ի ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: