
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի տարբեր շրջաններէ ժամանած աւելի քան հարիւր հոգի ներկայ եղաւ Հրաչ Մանուէլեանի եւ Լարա Երէցեանի Լոս Ֆելիսի բնակարանէն ներս հիւրընկալուած հաւաքին, որուն նպատակն էր դրամահաւաք կատարել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան պատկերասփռուելիք դրամահաւաքին՝ թելեթոնին ի նպաստ:
Ուրբաթ, Ապրիլ 4ին կայացած եւ թելեթոնին ի նպաստ նման շարք մը հաւաքներու մէկ օղակը հանդիսացող այս հաւաքին ներկայ եղած է նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանը:
«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը առաջնորդողի դիրքի վրայ կը գտնուի՝ Հայ Դատի եւ հայութիւնը յուզող այլ հարցերու պաշտպանութեան մէջ: Այս պատճառով, իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ նեցուկ կանգնիլ եւ նուիրատուութիւն կատարել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, որպէսզի անիկա շարունակէ հայութեան ձայնը լսելի դարձնել Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ», յայտնած է ձեռնարկի հիւրընկալ Լարա Երէցեանը:
«Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Հայ Դատի երկարամեայ կամաւորներ ու գործիչներ Լարա Երէցեանին ու Հրաչ Մանուէլեանին, որոնք իրենց տան դռները բացին Հայ Դատով խորապէս մտահոգ այս խումբին առջեւ: Նման առատաձեռնութեան շնորհիւ է որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դարձած է ամենամեծ ժողովրդականութիւնը վայելող եւ ամէնէն ազդեցիկ կազմակերպութիւնը՝ Հայ Դատին ի նպաստ պայքար տանելով Քալիֆորնիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին», կը յայտնէ թելեթոնի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Արթինեան:
Ձեռնարկին մասնակիցները վայելեցին Գոռ Մխիթարեանի երգերը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վեցժամեայ թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 1ին ու պիտի սփռուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին: