ՍՕՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սահակ— Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանի տարեկան 34րդ ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 16ին։ Երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ ծնողներ ու բարեկամներ սկսան մուտք գործելու «Փալատիօ» շքեղ սրահը, ուր հաճելի ընկերային մթնոլորտ մը կը տիրէր։
Արդէն որոշեալ ժամուն ներկաները տեղաւորուած էին իրենց տեղերը։ Առաջին առիթով, բարիգալուստի ջերմ խօսքեր ուղղեց հոգաբարձական կազմէն՝ սոյն ձեռնարկի փոխատենապետուհի Նունէ Սէփէթճեանը, վեր առնելով հայ սերունդի բարձրորակ ուսման կարեւորութիւնը ապահով միջավայրի մը մէջ, ուր աշակերտները կը ստանան հայեցի եւ հոգեւոր սնունդ։ Ան ողջունեց ներկայ ծնողները, «Սահակ—Մեսրոպ»ի բարերարներն ու հարազատները, իրենց կատարած զոհողութիւններուն եւ ծառայութեանց համար։
Յայտագիրի հանդիսավարութիւնը ստանձնած էին Արփի եւ Գասպար Ճիվէլէկեանները, որոնք «Սահակ—Մեսրոպ»ի շրջանաւարտներ են եւ կը վարեն իրաւաբանի պաշտօն։ Անոնք փոխնիփոխ ձեռնհասօրէն վարեցին օրուան յայտագիրը՝ առաջին առիթով հրաւիրելով վարժարանի աշակերտներէն Սեւանա Մինասեանը, Քրիստինա Շիրանեանը եւ Թաթիանա Համբարձումեանը, որոնք կատարեցին ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վեր. Վաչէ Էքմէքճեանը, որ օրհնեց աշխատող անձնակազմը եւ ծնողները եւ կատարեց բացման աղօթքը։
«Սահակ—Մեսրոպ»ի Ը. կարգի աշակերտներու նուագախումբը կատարեց հաճելի երաժշտական կտոր մը, որմէ ետք անգլերէն արտասանութեամբ հանդէս եկան Վազգէն Հզօր եւ Սերլի Շանլեան՝ տպաւորելով ներկաները։
Հանդիսավարները ապա ներկայացուցին պատուական հիւրերը եւ դպրոցիս նախկին տնօրէնները։
Մինչ կը հրամցուէր համադամ ընթրիքը, Մերուժան Մարգարեան իր ջութակով դիւթեց ներկաները հաճելի եղանակներով, որոնց յաջորդեցին Հայբերդ Սարեանի եւ Ալեքսի Եղիքեանի հայաշունչ երգերը՝ կիթարի ընկերակցութեամբ։
Պահն էր վայելելու օրուան գիտնական բանախօսը՝ դոկտ. Շանթ Քենտերեանը, որ շեշտեց Սահակ—Մեսրոպ վարժարանին մէջ գոյութիւն ունեցող հայ հոգիի եւ քրիստոնէական ներշնչումի կարեւորութիւնը։ Ան հաւատացած էր, որ իր կեանքը ուրախ եւ խաղաղ եղած է՝ ապաւինելով Աստուծոյ, որ զինք պաշտպանած է շատ փորձանքներէ։
Այժմ բանախօսը կ՛աշխատի հրթիռներու վրայ. ինք եւ իր կինը միշտ իրենց ներդրումը կը բերեն «Սահակ—Մեսրոպ»ի ընտանիքի աշխատանքներուն։
Տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան գնահատեց դոկտ. Քենտերեանը եւ իր կինը՝ Անին, որոնք անձնուիրութեամբ իրենց ժամանակը կը տրամադրեն դպրոցին մէջ նոր ծրագիրներ մշակելով եւ զանոնք կիրարկելով։
Հանդիսավար Գասպար Ճիվէլէկեան յիշեց, որ Սահակ—Մեսրոպ վարժարանը 34 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ ջամբել հայեցի կրթութիւն, ինչպէս նաեւ՝ քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Ան նաեւ հպարտութեամբ յիշեց վարժարանի շրջանաւարտները, որոնք այս օրերուն ունին լաւ պաշտօններ եւ օրինակելի հայորդիներ են՝ շնորհիւ այս վարժարանի դաստիարակութեան։
Տնօրէն Ինճէճիքեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկը կազմակերպած յանձնախումբի անդամներուն, դպրոցիս պաշտօնէութեան, հոգաբարձական կազմին, ծնողական մարմինին եւ յայտագիրի մասնակիցներուն, որոնք բոլորն ալ անսակարկ նուիրումով աշխատեցան իրենց լաւագոյն ներդրումը բերելով եւ դպրոցիս օժանդակելով նիւթապէս եւ բարոյապէս։ Ան յատուկ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն, մասնաւորաբար՝ այս ճաշկերոյթը հովանաւորող տէր եւ տիկ. Զարեհ եւ Սօսի Աստուրեաններուն եւ տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեաններուն, որոնք միշտ սատար կը հանդիսանան մեր դպրոցին։
Ապա գնահատեց այն ուսուցիչները, որոնք իրենց 20 տարուան ծառայութիւնը բերած էին «Սահակ—Մեսրոպ»ին, յանձինս՝ Լիւսի Ապաճեանին եւ Սիւզի Պաղտոյեանին, ինչպէս նաեւ 10 տարուան ծառայութիւն կատարած Թամար Մխճեանին, տէր եւ տիկ. Արտաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններուն եւ Լարա Գոզաքճեանին։
Վերոյիշեալները պարգեւատրուեցան յատուկ յուշատախտակներով եւ նուէրներով։
Յայտագիրի վերջին բաժինով, դպրոցիս 4րդ եւ 5րդ դասարանի աշակերտները ելոյթ ունեցան երեք հայրենասիրական երգերով՝ առաջնորդութեամբ Արտաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններու, ներկաներու խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին եւ թնդացնելով սրահը։
Փակման օրհնութիւնը եւ «Պահպանի»չը կատարեց Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, որմէ ետք ներկաները, լիցքաւորուած օրուան յայտագիրով՝ գոհունակ սրտով փութացին իրենց տուները, գնահատելով Սահակ—Մեսրոպ վարժարանի աշխատանքները՝ յօգուտ մեր ազգի սիրասուն զաւակներուն։