ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Կիրակի, Մարտ 30ին, Դատաւորի Կիրակի օրը, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն շնորհեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս Հայց. եկեղեցւոյ եւ սիրալիր կերպով դիմաւորուեցաւ ծուխի հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Աշի ու ծուխի հաւատացեալներուն կողմէ: Սրբազանը Ս. պատարագ մատոյց եւ գնահատեց հոգեւոր հովիւին եւ Ծխական խորհուրդին համատեղ ջանքերը՝ Ծովածոցի շրջանի ամերիկահայ հաւատացեալ համայնքը առաւել մօտեցնելու համար Քրիստոսի:
Պատարագին ընթացքին, սրբազանը, մասնակցութեամբ տէր հօր, սարկաւագ ձեռնադրեց Տարօն Գաբիկեանը, իր բարեմաղթութիւնները կատարեց եւ յորդորեց՝ հաւատարիմ մնալ իր նախահայրերու քրիստոնէական հաւատքին ու Հայց. առաքելական եկեղեցիին:
Ս. պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ՝ խնդրանքովը Ծովածոցի Պաքուի հայերուն, Սումգայիթի զոհերու հոգիներուն համար, այդ աղէտալի դէպքերու 26րդ տարելիցին առթիւ:
Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի ճաշ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.