
Սուրիոյ քանդիչ պատերազմի դէպքերուն վերջին հոլովոյթը ուշադրութեան սեւեռակէտ դարձուցած է հայաբնակ Քեսապը: Վերջերս Թուրքիոյ հսկողութեան տակ գտնուող սուրիական սահմանէն իսլամ ծայրայեղական զինեալներու ներխուժումին իբրեւ հետեւանք, Քեսապի հայ բնակչութիւնը խուճապահար տեղահանուած եւ ապաստանած է Լաթաքիա:
Զօրակցութեան աննախընթաց արտայայտութեամբ մը, հայ կազմակերպութիւններ աշխարհի տարածքին տեղեկատուական լայնատարած շարժում մը ստեղծած են քեսապահայութիւնը հարուածած վերջին տագնապին կապակցութեամբ:
Սուրիոյ պատերազմը, չորրորդ տարին ըլլալով, իր անմարդկային գուպարի վերիվայրումներով արդէն աւելի քան 140,000 կեանքեր խլած է: Միջազգային շրջանակներ կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ դէպքերու ընթացքին, սակայն ոչ մէկ դիւանագիտական լուրջ նախաձեռնութիւն կ՛երեւի հորիզոնի վրայ: Շրջանէն ներս տագնապի ահարկու տարողութիւնը, որ նոյնիսկ ՄԱԿի աղէտեալներու օգնութեան միջոցները անբաւարար կը դարձնէ, յատկապէս ծանր կը կշռէ հայկական կազմակերպութիւններուն համար, որոնք կը ճգնին օժանդակութիւն հասցնել աղիտահար սուրիահայ համայնքին:
Այս վերջին դէպքի պարագային, սակայն, սուրիահայութեան եւ յատկապէս քեսապահայութեան համար խնդիրին տարողութիւնը մարդասիրական մտահոգութիւններէ անդին կ՛անցնի: Հայութեան համար, դարաւոր եւ պատմականօրէն յատկանշական սեփական հողատարածքէ մը պարտադիր տեղահանութեան խնդիրն է, որ հրատապ կը դարձնէ ստեղծուած ներկայ կացութիւնը: Հողատարածք մը, ուր քեսապահայութիւնը արմատ նետած է եւ ուր դարերով հողին կառչած իր ապրելակերպով բնորոշուած է անոր էութիւնը:
Քեսապէն տեղահանուած աւելի քան 700 ընտանիքներուն համար այս իրադարձութեան հետեւանքները աղիտալի ու անդարմանելի կրնան ըլլալ, եթէ արագ ու ազդու միջոցառումներ չգործադրուին:
Առաջին իսկ օրէն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը նախաձեռնող ու յանձնառու է սուրիահայութեան օգնութեան ճիգերուն եւ օրը օրին կը հետեւի դէպքերու ընթացքին: Մենք ի գործ կը դնենք մեր մարդուժն ու նիւթական կարելիութիւնները՝ ապահովելով անհրաժեշտ դեղորայք, բժշկական եւ առօրեայ կարիքներու վերաբերեալ օգնութիւն՝ հանգանակելով եւ տրամադրելով աւելի քան 1.7 միլիոն ամերիկեան տոլար գումար: Սփիւռքահայ այլ կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ միշտ զօրակից, մարդասիրական եւ դիւանագիտական բոլոր մակարդակներու վրայ պիտի շարունակենք հետապնդել օգնութեան եւ արդար ու բարւոք լուծման ձգտող աշխատանքները:
Քեսապի ի խնդիր այս պայքարը, յատկապէս՝ միջազգային դիւանագիտական մակարդակներու վրայ, նպատակ կը հետապնդէ շրջանի ապազինուորականացեալ իրավիճակի վերականգնումն ու ապահովումը՝ կարելի դարձնելով տեղահանուած հայ ընտանիքներու շուտափոյթ վերադարձը դէպի իրենց սեփական տուներն ու հողերը:
Սուրիահայութեան ի նպաստ ՀԲԸՄի մարդասիրական աշխատանքներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://agbu.org/syriahumanitarianrelief կայքէջը: Օժանդակելու համար, դիմել https://donate.agbu.org/agbu-urgent-appeal կայքէջին:
Հեռաձայնով տեղեկացնելու համար օգնելու ձեր տրամադրութիւնը, կապուիլ 855-AID-AGBU (243-2428) թիւին, Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5: Դրամատնային ձեր փոխգիրերը կրնաք ուղարկել AGBU Humanitarian Emergency Relief Fund 55 East 59th Street, New York, NY 10022 հասցէին: Հաճեցէք նշել «Emergency Humanitarian Fund»: Դրամատնային փոխանցումի համար, կրնաք նամակ ուղարկել agbuny@agbu.org ելեկտրոնային հասցէին: