ՆՈՐԹՐԻՃ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Հայ ուսանողական միութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան 99րդ ամեակին առիթով ոգեկոչման շարք մը ձեռնարկներ պիտի կազմակերպէ: Անոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Ապրիլ 21ին, կ.ե. ժամը 4ին, համալսարանի «Orange Grove Bistro»ի մէջ: Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ: Ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախկին գործավար եւ «Էրմընայթ»ի հրատարակիչ Ուիլեըմ Պայրամեան:
Ապրիլ 22ին, կէսօրուան ժամը 12ին տեղի պիտի ունենայ ցեղասպանութեանց վերջ դնելու պահանջով բողոքի ցոյց մը՝ «Սիէրա» կեդրոնին մէջ, իսկ Ապրիլ 23ին, երեկոյեան ժամը 7ին պիտի կայանայ «Սքրիմըրզ» ֆիլմի ցուցադրութիւնը համալսարանի ուսանողական միութեան շէնքին մէջ:
Համալսարանի հասցէն է՝ 18111 Nordhoff Street, Northridge, CA, 91330-8207:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.