ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը մեծ շուքով պիտի նշէ իր 30ամեակը՝ 2-4 Մայիս 2014ի շաբաթավերջին: 1984ին առանձին միաւոր դարձած ՀՕՄի այս շրջանը կը շարունակէ իր օգնութեան ձեռքը երկարել կարիքաւոր անհատներու եւ համայնքներու՝ տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Տեղական մակարդակի վրայ, ՀՕՄը կը մատուցէ ընկերային ծառայութիւն, խորհրդատուութիւն եւ կրթական ծրագիրներ, իսկ միջազգային գետնի վրայ՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական աշխատանքներուն վրայ է կեդրոնացումը:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը կը հրաւիրէ գաղութը միանալու իր տօնախմբութեան եւ մասնակցելու հետեւեալ ձեռնարկներուն.
– Կալա 2014.- Տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 2 Մայիս 2014ի երեկոյեան, «Տաղլեան» սրահը: Ընկերային ժամ՝ 7ին, իսկ ընթրիքը պիտի մատուցուի ժամը 8ին: Կալայի այս ձեռնարկը ոչ միայն պիտի նշէ շրջանի տասնամեակներու բեղուն գործունէութիւնը, այլ նաեւ պիտի պարգեւատրէ անհատներ՝ հետեւեալ դասաւորումներով.
Շրջանի ՀՕՄի առաջին Շրջանային վարչութեան անդամները (1984-1985), տէր եւ տիկ. Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները՝ իբրեւ երկար տարիներու նուիրատուներ, եւ Կարէն Բենեասեանսը՝ ՀՕՄին ցուցաբերած իր նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան համար:
Օրուան ծրագիրին մաս պիտի կազմէ Կլենտէյլի Սենեկային նուագախումբը՝ խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ: Ձեռնարկին մուտքի նուէրը մէկ անձի համար 125 տոլար է, իսկ հովանաւորութեան համար կարելի է կապ հաստատել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ հեռայձայնելով (818) 500-1343 թիւին:
– «ՀՕՄ. Սերունդները լիազօրելով հզօրացնել» խորագիրով սեմինար.- Տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 3 Մայիս 2014ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4, «ՀՕՄ. Սերունդները լիազօրելով հզօրացնել» վերտառութեամբ, Կլենտէյլ «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ: Ելոյթ ունեցող դասախօսները պիտի ներկայացնեն իրենց մասնագիտութիւնն ու անձնական փորձառութիւնները, որոնք կ՛արտացոլեն ներկայացուող թեման՝ հզօրացումը:
Ա. բաժին.- Հայկականութիւնը աշխարհը փոխելու մէջ: Մշակութային հարց կամ ազգային ինքնութիւն.
Համադրող՝ Արա Խաչատրեան, «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր.
Դասախօսներ.- Ալիս Պետրոսեան, «Կիները հզօրացնել ծառայութեան միջոցաւ». Ռաքսէն Մաքաստճեան, «Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցումը՝ հանրային վարժարաններու կրթական դրոյթին մէջ». Վաչէ Թովմասեան, «Հայրենադարձութիւնն ու «Խենթեր»ու սերունդները»:
Գլխաւոր Դասախօսներ.- Սեմինարի գլխաւոր դասախօսններն են Աննա Աստուածատուրեան-Թուրկոթ, որ պիտի խօսի «Որոնում՝ հայկական իմ ձայնի» նիւթին մասին, եւ դոկտ. Քրիս Սասունի, որ պիտի ներկայացնէ «Վերագտնել իմ արմատներս եւ մեծ մօրս՝ Լոլա Սասունիի կեանքը»:
Բ. բաժին.- Դժուարութիւնները յաղթահարել եւ առաջ ընթանալ: Գոյատեւելու անձնական ճանապարհներ.
Համադրող՝ Նորա Շիթիլեան-Քէլէշեան, ամուսնական եւ ընտանեկան վկայեալ հոգեբան:
Դասախօսներ.- Սինթիա Քէյլեան, Սօնա Տօնոյեան-Արապեան եւ դոկտ. Հայկուշ Քալինեան, որոնք պիտի խօսին իրենց գոյատեւման անձնական պայքարին մասին:
Սեմինարի մասնակցութիւնը անվճար է: Արձանագրութեան համար, այցելել www.itsmyseat.com/empower կայքէջը:
Ճաշի Հաւաք.- Կիրակի, 4 Մայիս 2014ին, կէսօրէն առաջ ժամը 11էն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 4: Հաճելի յետմիջօրէ մը անցնելու համար, հիւրերը պիտի համախմբուին Լոնկ Պիչ: Մասնակցութեան սակ՝ 75 տոլար:
Ձեր տեղերը ապահովելու կամ վերոնշեալ ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կապուեցէք ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին, կամ դիմեցէք office@arswestusa.org հասցէին: