Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 13 Ապրիլի երեկոյեան, պոլսահայ գաղութի մասին հետաքրքրական ու շահեկան դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ազգային, միութենական ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ բազմութեան մը:
Համազգայինի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ յայտնեց, թէ վերջին տասնամեակին պոլսահայութիւնը կարեւոր ժամանակաշրջան կ՛ապրի, ուր ակներեւ են մտաւորականներու փոխադարձ այցելութիւնները Պոլսոյ եւ այլ գաղութներու միջեւ: Ապա ան ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր բանախօսները եւ խօսքը փոխանցեց Զաքարիա Միլտանօղլուի:
Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի յօդուածագիր, ճարտարապետ, հասարակական գործիչ Զաքարիա Միլտանօղլու ներկայացուց պոլսահայութեան այժմու իրավիճակը՝ թուելով տակաւին կանգուն ու գործող ազգային հաստատութիւններն ու միութիւնները:
«Պոլսոյ մէջ ներկայիս կան 35 եկեղեցիներ, որոնց թիւը եռապատիկ էր անցեալին: Բոլոր եկեղեցիներն ալ ունին իրենց յատուկ երգչախումբերը: 1915ի 62 դպրոցներէն այժմ կը գործէ 18 դպրոց միայն: Կան 16 միութիւններ, 14 գերեզմանատուներ եւ երկու մարզական կեդրոններ՝ Թաքսիմի եւ Շիշլիի մէջ: Սահիկներու օգնութեամբ Միլտանօղլու ցոյց տուաւ կարգ մը հաստատութիւններու եւ եկեղեցիներու նկարներ, ինչպէս՝ Պոլսոյ Գումքափու թաղամասի պատրիարքարանի եկեղեցին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ կարեւոր դեր կատարած է 1915ի դէպքերուն գաւառներէն Պոլիս ապաստանած հայ գաղթականներու պատսպարման մէջ: Նաեւ՝ Սկիւտարի Ս. Յովհաննու, Կետիկփաշայի Ս. Խաչ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցիները: Սուլթան Մոհամետ Բ. Ֆաթիհի օրով հայեր մեծ մասամբ Պուրսայի մէջ կը գտնուէին եւ Ֆաթիհի կերտել տուած հայոց պատրիարքարանը հոն կը գտնուէր, միայն 120 տարիներ ետք է, որ պատիրարքարանը Պոլիս փոխադրուած է: Կան նաեւ Պեշիկթաշի Ս. Յակոբ, Պէյօղլուի Ս. երրորդութիւն, եկեղեցիները: Դպրոցներէն կան Կեդրոնական վարժարանը, որ կրթական, մշակութային կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է, նաեւ՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանը, ուր լոյս տեսած է Պոլսոյ առաջին հայերէն պարբերականը: Կայ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը, որ բաւական մեծ է, կ՛ընդգրկէ եկեղեցի մը, ծերանոց, հոգեբուժարան եւ հիւանդանոց, ուր կը գործեն հայ, թուրք, յոյն եւ հրեայ բժիշկներ: Կան նաեւ Եսայեան, Մխիթարեան, Գալֆայեան, Պեզճեան եւ այլ վարժարաններ:
Կայ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին վախճանեալ հայ պատրիարքներ, Պալըգլիի գերեզմանատունը, ուր թաղուած է Հրանդ Տինք: Աւելի քան հարիւրամեայ «Ժամանակ»ը օրաթերթը եւ «Ակօս» շաբաթաթերթը, «Արաս» հրատարակչատունը, որ հայերէն եւ թրքերէն գիրքեր կը հրատարակէ, ինչպէս նաեւ թրքալեզու «Փարոս» պարբերաթերթը: Կան «Ակօս» եւ «Նոր Զարթօնք» ձայնասփիւռի կայանները: Վերջին 3-4 տարիներուն հետզհետէ կը կազմուին Վագըֆլը, Տերսիմ, Սասուն եւ այլ հայրենակցական միութիւնները: Ունինք «Ժպիտ» հանդէսը: Այս հաստատութիւնները կը գործեն առանց ազգայն սահմանադրութեան, որ 1860ական թուականներէն կը վարէր հայ հասարակական կեանքը: Բայց 1915էն ետք չի գործեր»:
Միլտանօղլու իր զեկուցումը փակեց՝ հարց տալով. «Այս դատը ե՞րբ պիտի վերսկսի»: Ապա խօսք առաւ պոլսահայ հասարակական գործիչ, կրթական մշակ Տիգրան Ալթուն, որ իր կարգին խօսեցաւ պոլսահայութեան լաւ ու դառն օրերուն մասին, յատկապէս 1915էն ետք: Ան խօսեցաւ Եղեռնի շրջանին գաւառներէն Պոլիս ապաստանած հայու բեկորներու ապրուստի դառն պայմաններուն, 1938ի, 1955-56ի, 1964ի դէպքերուն հայոց վրայ ունեցած հետեւանքներուն մասին:
Ալթուն մտահոգութիւն յայտնեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքի առողջական կացութեան ու անոր հետեւանքներուն գծով: Ան խիստ բարձր գնահատեց պոլասահայ լրագրող, «Ակօս»ի նախկին սեփականատէր, Յունուար 2007ին նահատակուած մտաւորական Հրանդ Տինքի ներգործօն դերը՝ նշելով, որ այսօր կարելի է ըսել «Հրանդ Տինքէն առաջ» եւ «Հրանդ Տինքէն ետք», այնպէս ինչպէս կ՛ըսենք՝ «Քրիստոսէ առաջ» եւ «Քրիստոսէ ետք»:
Երրորդ զեկուցաբեր-բանախօսն էր կրթական մշակ Սարգիս Կիւլեկեչ, որ մանրամասն զեկուցեց պոլսահայ կրթական մարզին մասին, ուր կան շուրջ երեք հազար հայ աշակերտներ եւ նոյնքան ալ՝ ոչ հայկական օտար վարժարաններու մէջ:
Ապա զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.