
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Որքան ժամանակը կ՛անցնի, այնքան կը կնճռոտի եւ կը դժուարանայ լուծումը Քեսապի հայաթափումը կասեցնելու, աւելին՝ Քեսապի հայութիւնը իր հայրենի օճախին վերադարձնելու օրակարգին։
Երբ ամբողջ Սուրիան եւ աւելի լայն ընդգրկումով Միջին Արեւելքը բռնուած է աշխարհաքաղաքական նոր քարտէսի մը ուրուագծման մեծ ռազմախաղի ոլորապտոյտին մէջ, բնականաբար Քեսապի ողբերգութիւնը իր հրատապ նշանակութիւնը տակաւ կը զիջի եւ, իբրեւ ստիպողական բուժման կարօտ վէրքի, իր առաջնահերթ կարեւորութիւնը կը պահպանէ միայն հայ քաղաքական միտքին համար։
Բաւեց որ վերջին օրերուն Հալէպի հայահոծ Նոր Գիւղ թաղամասը վերստին ռմբակոծումի տակ իյնայ, որպէսզի Սուրիոյ հայութեան ողբերգական իրավիճակով մտահոգ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը դառնութեամբ եւ անճրկումով կանգնի մեծ հարցականին առջեւ, թէ որո՞ւն եւ ինչպէ՞ս հասնի։
Լաթաքիոյ մէջ գաղթականական պայմաններու տակ ձեւով մը պատսպարուած տեղահան քեսապահայութիւնը այլեւս ի վիճակի չէ այսպէս շարունակելու։ Գալիքի անորոշութիւնը ջլատիչ կը դառնայ։ Աստիճանաբար կը ծանրանայ ամէնօրեայ հացի ապահովման եւ կենցաղային կարիքներու բաւարարման մեծ տագնապը։ Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ քայլ մը աւելի հեռու կը թուի ըլլալ հայրենի տան ու ինչքին վերադառնալու հաւանականութիւնը։
Իսկ ի՞նչ ընէ Հալէպը, որ գոյատեւման ու ինքնապահպանման ծանրագոյն մարտահրաւէրը ինքնին դիմագրաւելով հանդերձ, միաժամանակ նաեւ դիմադրականութեան օրինակ պէտք է ծառայէ եւ օգնութեան պէտք է հասնի Քեսապին ու Դամասկոսին, Գամիշլիին եւ սուրիական ամէն տարածքի, ուր համախումբ հայութիւն կ՛ապրի։
Անշուշտ Հալէպը առանձին չէ. ամբողջ սուրիահայութիւնը կը գտնուի համահայկական զօրակցութեան կիզակէտին։
Բայց սուրիահայութեան դիմադրական կորովը, գումարած ամբողջ հայութեան զօրակցական շարժումը ի վիճակի՞ են շարունակուող ահաւոր անկումին առաջքը առնելու։
Պատասխանը ծանր ու յուսահատական է։
Ի վերջոյ ի՞նչ կրնայ ընել աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ Հայաստանի պետականութեամբ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեամբ եւ քաղաքականապէս կազմակերպուած Սփիւռքով։
Չէ՞ որ սուրիական տագնապին հանգուցալուծումը շատ վեր կը թուի ըլլալ նոյնինքն Սուրիոյ ժողովուրդին, պետականութեան եւ քաղաքական ուժերու կարողութիւններէն։
Օր ցերեկով եւ մեծապետական ուժերու խիստ հայեացքին տակ Թուրքիան իր բուրդը կը մանէ, եւ ոչ ոք տրամադիր է կամ քայլ կը նետէ՝ կարգի հրաւիրելու համար Անգարան…
Այսպէ՛ս, անզօրութեան զգացումը կը կրծէ հայ քաղաքական միտքին դիմադրականութիւնը՝ Հալէպէն մինչեւ Քեսապ եւ Երեւանէն մինչեւ Անթիլիաս ու Ուաշինկթըն։
Որքան ալ դառն ըլլայ խոստովանիլ, բոլորս ալ յայտնուած ենք ալեկոծ ծովու քմայքին յանձնուած փոքր մակոյկի աննախանձելի վիճակին մէջ։
Հիմա պահը չէ, անկասկա՛ծ, մեր թերացումներուն մասին խօսելու։
Հիմա պահն է ազգովին մեր գօտիները սեղմելու եւ մեր ունեցածով ու չունեցածով կանգուն եւ ամուր պահելու համահայկական լինելութեան մեր գոյապայքարին սուրիական ճակատը։
Բայց նաեւ չենք կրնար մտահան ընել դաժան իրողութիւնները եւ չանդրադառնալ, որ «փոքր ածու»ի մեր սահմանափակումները յուսահատական եւ ողբերգական տարողութիւն ստացած են նաեւ մեր հաւաքական մեղքով։
Թուրքիա ոտքով-գլխով նետուեցաւ Սուրիական տագնապի հրահրման մեծապետական մեծ խաղի կրկէսին մէջ՝ մեծապետական ուժերու հաշիւներուն մէջ տեղաւորելով իր սեփական շահախնդրութիւնները, պատրաստ ըլլալով կրելու այդ յարձակողական քաղաքականութեան հետեւանքները։
Մինչդեռ հայ քաղաքական միտքը, յատկապէս հայրենական իր թեւին պետական հանդիսաւորութեամբ, գլուխը հանգիստ բարձի վրայ դնողի պատրանքով ու միամտութեամբ, աղուոր քուն քաշեց՝ հայեւթուրք բարեկամութեան եզրեր փնտռելով եւ անձնատուական Արձանագրութիւններու տակ ստորագրելով։
Սփիւռքը ահազանգ հնչեցուց անշուշտ ու Հայեւթուրք արձանագրութեանց դէմ ամէնուր եւ միասնաբար ծառացաւ՝ մերժելով ու դատապարտելով Փրոթոքոլի ստորագրութիւնը։
Բայց այդ բոլորը միայն հայկական ներքին շուկայի սպառման ծառայեցին։
Արտաքին ճակատի վրայ ազգովին մենք ինկանք սոսկ հակազդողի եւ պաշտպանութեան զէնքեր փնտռողի անհեռանկար դրութեան մէջ։
Մինչդեռ Թուրքիոյ համար Հայեւթուրք արձանագրութեանց ստորագրութիւնն ու ընդհանրապէս «հարեւաններու հետ զերօ հարց ունենալու քաղաքականութիւնը» արգելք չեղան, որպէսզի Անգարա ամբողջ թափով նետուի սուրիական աւազուտին մէջ։
Որքան ալ Սուրիական տագնապի հրահրման առաջին իսկ քայլերէն զգալի էր թրքական հաւանական հարուածները դիմագրաւելու մարտահրաւէրը, այդուհանդերձ հայ քաղաքական միտքը միայն պաշտպանողական քայլեր փնտռեց եւ բնաւ չուզեց կամ չկրցաւ յարձակողականին մէջ գտնել լաւագոյն պաշտպանողականը։
Ո՞ւշ է այլեւս։
Եթէ հաշտուած ենք Քեսապի հայաթափման հետ, անկասկած ուշացած ենք՝ թրքական վտանգին դէմ յարձակողական քայլերու ձեռնարկելու համար, որպէսզի ապահովենք սուրիահայութեան պաշտպանողականը։
Բայց եթէ կառչած ենք հայկականութեան այս ռազմավարական կռուանը արեան գնով իսկ պահպանելու ազգային-քաղաքական հրամայականին, այդ պարագային երբեք ուշ չէ, որպէսզի յարձակողական մեր հարուածներով սանձ դնենք հայկական դիմադրականութիւնը անպատիժ խոցելու թուրք պետական վարքագիծին։
Յարձակողական քայլերու պատրաստ ըլլալու պարագային, «փոքր ածուն» անգամ ի վիճակի է գտնելու կամ հնարելու իր ազդու զէնքերը։
Նախ պէտք է ընդունիլ որ Սուրիոյ մէջ պատահածը նաեւ մեր կռիւն է: Թուրք իշխանութիւնները կը ծրագրեն բնաջնջել հայրենամերձ մեր գաղութները, ինչպէս որ ժամանակին ծրագրեցին բնաջնջել հայութիւնը իր հայրենի հողին վրայ: Անոնց հարցը Սուրիան չէ, այլ հայութիւնը՝ իր յաճախակի քաղաքականացած արտայայտութիններուն պատճառաւ: Ինչպէս որ այն օրերուն, 1914-1915 թուականներու դաժան օրերուն, չդիմեցինք այն ելքին որ կրնար յուսահատ կամ ստոյգ մահուան կռիւ մը անուանուիլ ամէն պարագայի, այլ զգոյշաւորութեան մօտեցումով՝ ապասողական վիճակ մը եւ անվճռականութեան մտայնութիւն մը ստեղծեցինք քաղաքական մեր մտածողութեան մէջ, նոյնն է պարագան այսօր: Հայ ժողովուրդը տակաւին անորոշութեան եւ սպասումի մէջ կը պահէ ինքզինք երբ թուրքը բնաջնջումի իր ծրագիրը կը հետապնդէ ամէն առիթով: Հեգնականը, եւ ամէնէն հեգնականը այն է որ հայը իր պետականութիւնը ունի այսօր եւ տակաւին ինքզինք պահելու ձեւը չէ գտած: :