
Երեքշաբթի, 15 Ապրիլին, Լաթաքիոյ «Պասել Ալ Ասատ» օդակայան հասաւ Ռուսիոյ ժողովուրդին կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին ուղղուած օժանդակութիւններու օդանաւ մը, որ կ՛ընդգրկէր 15 թոն սննդամթերք եւ դեղորայք:
Ռուսիոյ արտակարգ դրութիւններու նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնեց, որ սոյն նպաստը ուղղուած է Սուրիա ներխուժած ահաբեկիչներու բռնարարքներէն վնասուած սուրիացի ժողովուրդին:
Օժանդակութիւններու պաշտօնական ստանձնման ներկայ եղաւ նաեւ Սուրիոյ մօտ Ռուսիոյ հիւպատոս Կարէն Վասիլեան:
Սոյն օժանդակութիւններէն բաժին յատկացուեցաւ Լաթաքիա հաստատուած քեսապահայութեան: