ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, նախապէս դասաւորուած ժամադրութեամբ, Երեքշաբթի, 15 Ապրիլին Քեսապի հարցին գծով հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Գոնսթանտինոս Ցիարասի հետ:
Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Սերգօ Գույումճեան եւ Խաչիկ Խաչատուրեան Գ. Ցիարասին պարզեցին հարցի մանրամասնութիւնները: Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան քեսապահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան դիմագրաւած խնդիրները եւ Քեսապի բնակչութեան ապահովման ու բնակավայր վերադարձի հարցը: Ցիարաս արդէն քաջատեղեակ էր հարցէն՝ նախապէս վարած ըլլալով Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնը, երբ մօտէն հետեւած էր Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան հարցերուն: Յոյն պաշտօնատարի ուշադրութեան յանձնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մեղսակցութեան հարցը, դիտել տալով, որ տեղւոյն բնակչութեան դէմ գրգռութիւնները կ՛ոտնակոխեն միջազգային օրէնքը եւ մարդկային իրաւունքները:
Գոնսթանտինոս Ցիարաս ստանձնեց խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի լիագումար նիստին ներկայացնել Քեսապի հարցի բոլոր ծալքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.