ԵՐԵՒԱՆ.– 23 Ապրիլին Արաքսաւան շրջան տրուելիք երիտասարդներուն այցելութիւնը ճանաչողական բնոյթ պիտի կրէ, անոր լոյսին տակ կրնան ուրուագծուիլ տնտեսական ու վերաբնակեցման ծրագիրներ: Ասիկա գործադիր իշխանութեան ծրագիրն է, որուն հիմնական նպատակն է ամէնէն կարճ ժամանակի ընթացքին Արաքսաւանը դարձնել զարգացած ու հեռանկարային շրջան:
Նախապատրաստական հանգրուանով 14 Ապրիլին Հադրութի շրջանի վարչակազմի գիւղատնտեսութեան բաժինի գլխաւոր մասնագէտ-հողաշինարար Շահէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ՝ մայրաքաղաքի խումբ մը ուսանողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ այցելած են Արաքսաւան: Սարգսեան երիտասարդներուն ծանօթացուցած է տեղւոյն առանձնայատկութիւնները, բնակլիմայական ու գիւղատնտեսական նպաստաւոր պայմանները:
Այս այցելութեան մասնակցած երիտասարդները 26 Ապրիլին նախատեսուող այցելութեան միւս 500 երիասարդներուն պիտի ընկերակցին Արաքսաւան, անոնց առաջնորդները պիտի ըլլան եւ համապատասխան բացատրութիւններ տան։
Նշենք, որ 500 երիտասարդներէն 200ը պիտի ըլլան Սիսիանի շրջանէն, 300ը՝ Արցախէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.