
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 9 Ապրիլին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուցած է Արցախի պատուիրակութեան վերջերս Գերմանիա կատարած այցելութեան մանրամասնութիւնները:
Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆելիքս Խաչատրեան եւ Գերմանիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան, մասնակցած է Պերլինի Եւրոպական ակադեմիոյ մէջ կազմակերպուած՝ «Լեռնային Ղարաբաղի դերն ու նշանակութիւնը Հարաւային Կովկասի զարգացման գործում» խորագիրով նախաձեռնութեան: Պատուիրակութիւնը նաեւ ունեցած է արդիւնաւէտ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին գերմանացի գործընկերներուն հետ ձեռք բերուած են շարք մը համաձայնագիրներ, որոնց մասին Աշոտ Ղուլեան խոստացաւ տեղեկացնել աւելի ուշ: Տպաւորիչ եղած է յատկապէս Փոթստամի մէջ գտնուող Եոհան Լեփսիուսի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն ընթացքին համաձայնութիւն կնք-ուած է աշնան Արցախի պետական համալսարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած համատեղ միջոցառում կազմակերպել:
Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ հանդիպումներուն ընթացքին զգացած է, որ գերմանացի գործընկերներուն մօտ առկայ է արցախցի խորհրդարանականներուն հետ յարաբերութիւններու աշխուժացման պատրաստակամութիւնը՝ կարեւոր նկատելով Գերմանիոյ մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն, առաջին հերթին՝ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ յատկապէս Հայաստանի դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի աջակցութիւնը: