ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին Լրտուական».- Եուրոյի «օմպուտզմեն»ներու հիմնարկը, որ կը միաւորէ հարիւրաւոր իրաւապաշտպաններ Եւրոպայի տարածքին, արձագանգած է քեսապահայութեան խնդիրով Կարէն Անդրէասեանի ուղերձին: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Սուրիոյ մէջ, մասնաւորապէս՝ Քեսապի, մարդկային իրաւունքներու իրավիճակին մասին տեղեկացանք Կարէն Անդրէասեանի դիմումէն: Ան, իբրեւ այդ հիմնարկի անդամ՝ Հայաստանի օմպուտզմենը, իր դիտորդական եւ միջնորդական առաքելութեան շրջանակներէն ներս, հակամարտութեան ներգրաւուած բոլոր կողմերուն անհրաժեշտ համագործակցութեան եւ օգնութեան կոչ կ՛ընէ:
Այս բարդ եւ ողբերգական հանգամանքներուն մէջ պէտք է շարունակել ջանք չխնայել տարածաշրջանին մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ երկիրին մէջ ճգնաժամը խաղաղ ճանապարհով յաղթահարելու ուղղութեամբ: Պէտք է նաեւ կառուցողական համագործակցութիւն հաստատել քաղաքացիական հասարակութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ, միջազգային իրաւունքի հիման վրայ:
Կը յորդորենք եւ կոչ կ՛ընենք Սուրիոյ ճգնաժամի բոլոր կողմերուն, որ ներկայ տագնապը յաղթահարելու համար՝ որդեգրեն խաղաղ եւ ուղիղ երկխօսութեան ճանապարհը, մարդկային իրաւունքներու միջազգային սկզ-բունքներու լոյսին ներքեւ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.