
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Մարտ 13ին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի Հայկական բաժինին կազմակերպութեամբ, վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լուսինէ Գասարճեանի «Ուրիշին Ամպը» գիրքի գինեձօնը:
Գինեձօնի արարողութենէն ետք, հեղինակը խօսեցաւ գիրքին մասին, ապա Ը. կարգի աշակերտուհի Դալար Արզումանեան կարդաց հատորը՝ Դ.էն Ը. կարգի աշակերտներուն:
Նախամանկապարտէզէն Գ. կարգի աշակերտներուն համար գիրքը կարդաց ուսուցչուհի Կարինէ Փանոսեանը: Աշակերտները մեծ հաճոյքով մտիկ ըրին, ապա Գասարճեան մակագրեց գիրքերը: