ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մինչ Թուր-քիոյ շրջանային ընտրութիւններու արդիւնքներուն շուրջ բանավէճերը եւ քուէները դարձեալ համրելու դիմումները կը շարունակուին, արդէն իսկ օրակարգի վրայ սկսած է դրուելու յաջորդ նախագահի ընտրութեան հարցը։
Արդէն յայտնի է, որ նոր նախագահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի Օգոստոսին։ Մինչեւ հիմա պարբերաբար կը խօսուէր վարչապետ Էրտողանի թեկնածութեան մասին, բայց վերջին ընտրութիւններէն ետք, այս խնդիրը յանկարծ դարձաւ ներքին քաղաքական կեանքի առաջին խնդիրը։ Այս տարի նորութիւնն այն էր, որ նախագահը պիտի ընտրուի ուղղակի ժողովուրդին կողմէ։ Ցարդ նախագահը կ՛ընտրուէր խորհրդարանին կողմէ։ Կը պնդուի, որ Էրտողան, որ ակնկալուածէն աւելի մեծ յաջողութիւն արձանագրեց շրջանային ընտրութիւններուն ընթացքին, ներկայիս կը պատրաստուի Չանգայա (նախագահական նստավայր) բարձրանալու։ Այժմ, իշխող կուսակցութիւնը երկու այլընտրանք ունի՝ կա՛մ երրորդ նստաշրջանի մը համար Ապտուլլահ Կիւլը պիտի ընտրէ նախագահ, կա՛մ պիտի նախընտրէ Էրտողանը բազմեցնել նախագահի աթոռին։ Երրորդ լուրջ թեկնածուի մը խօսքը չկայ ներկայիս. Էրտողանի հեռաւոր նպատակներէն մէկը միշտ նախագահական աթոռը եղած է եւ շատեր կը պնդեն, թէ Կիւլ եւ Էրտողան պարզապէս իրարու հետ պիտի փոխանակեն իրենց պաշտօնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.